Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան Մոսկուայի եռակողմ հանդիպումին շուրջ 12 Յունուարին հետեւեալ յայտարարութիւնը տարածած է.”Մոսկուայի եռակողմ հանդիպումը իր աւարտին հասաւ եւ հասարակական-քաղաքական շրջանակներու մէջ լուրջ մտահոգութիւններու ու տագնապներու տեղիք տուաւ:
Հայաստան այդ հանդիպումէն որեւէ դրական արդիւնք չստացաւ, գերիներու հարցով մնաց ձեռնունայն: Ատրպէյճան անգամ մը եւս վաւերացուց իր ներկայութիւնը:
Սա հերթական խայտառակ պարտութիւն էր Հայաստանի համար:
9 Նոյեմբերի յայտարարութեամբ Ատրպէյճան արդէն իսկ ստացած էր աւելին, քան կ՚երազէր: Այդ յայտարարութեան որոշ կէտերու կատարումը այս ընթացքին խախտած էր իր օգտին` 1-ին կէտ (,…կողմերը կանգ պիտի առնեն իրենց գրաւած դիրքերուն վրայ”) եւ 8-րդ կէտ (,…ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ անձերու ու մահացածներու մարմիններու փոխանակում”): Այս ամէնը` Նիկոլ Փաշինեանի օգնութեամբ եւ անգործութեամբ:
11 Յունուարին Մոսկուայի մէջ Ալիեւ վերահաստատեց եւ նոր հիմքերու վրայ դրաւ 9-րդ կէտի իրականացումը (,…տնտեսական եւ երթեւեկային կապերը կ’ապաշրջափակուին, ՀՀ-ն կ’երաշխաւորէ երթեւեկային կապերու անվտանգութիւնը Ատրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ…”), որ Ատրպէյճանի համար ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունի: Կասկածէ դուրս է, որ Փաշինեանի վարչապետութեան պայմաններով այս կէտի իրականացման հետագայ բանակցութիւններուն արդիւնքները նոյնպէս լիովին պիտի բաւարարեն միայն Ատրպէյճանը:
Ին՞չ կրնար ստանալ Հայաստանը 11 Յունուարի հանդիպումէն, որ չստացաւ:
Պէտք էր բարձրացնել 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան 1-ին կէտին վերաբերող հարցը, որ խախտուած է յօգուտ Ատրպէյճանի եւ սպառնալիք է Սիւնիքի համար:
Որեւէ արձանագրում չեղաւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հակամարտութեան լուծման եւ Արցախի կարգավիճակին մասին, որ նոյնպէս մեծ պարտութիւն էր:
Եւ ի հարկէ պէտք է յստակ դրուէր եւ լուծուէր գերիներու հարցը:
11 Յունուարին եռակողմ հանդիպումն ու միատեղ յայտարարութիւնը անգամ մը եւս վերահաստատեցին մեր մօտեցումը, ըստ որուն` Նիկոլ Փաշինեան ի զօրու չէ առաջ տանիլ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին շահերը:
Պարտութեան խորհրդանիշը պէտք է հեռանայ, հակառակ պարագային մեր կորուստներն ու նուաստացումները պիտի շարունակուին:

Վազգէն Մանուկեան
Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում”