Այնքան շատ բան ըսուեցաւ ու գրուեցաւ, այնքան վերլուծումներ կը շարունակուին տակաւին Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին մեր կրած խայտառակ պարտութեան մասին, որ մարդ կը դժուարանայ ինքն ալ կարծիքներ յայտնելու, չմատնուելու համար ըսուած-գրուածները կրկնողի անբաղձալի վիճակին: Կը դժուարանայ նաեւ ազգային նուաստացումի ու խորունկ յուսախաբութեան պատճառած ցասումն ու զայրոյթը զսպելու եւ ազգային մեծ սուգի, յուզումի ու խառնաշփոթութեան այս տխուր օրերուն հանդարտ հոգեվիճակով համակարգիչի վրայ կարգ մը մտածումներ մատնագրելու:
Սակայն կեանքը պիտի շարունակուի եւ մենք պարտաւոր ենք ընելու կարելին, որպէսզի վաղուան՝ գալիքին հոլովոյթը կարենանք հակակշռել ու զայն ենթարկել մեզի, այսինքն ազգի ու հայրենիքի շահերուն:
Առաջին մտածումը, զոր կ’ունենանք, մեզի դէմ պատերազմողներու մասին է: Կասկած չկայ, որ համաթրքութեան ծրագիրին հետամուտ թուրք-ազերի տանդեմին գործնապէս օժանդակած էր Իսրայէլը իր որակեալ զինատեսակներու տրամադրումով: Անոնց վրայ գումարենք նաեւ արհեստով մարդասպան-ոճրագործ վարձկանները եւ ըսենք որ.
Հակառակ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու ապիկարութեան ու ապաշնորհ կառավարման, հակառակ հայկական բանակի վերնախաւի կամակորութեան, հակառակ նաեւ թշնամիներուն՝ որակով ու քանակով մերինին հետ չհամեմատուող աւերիչ զինատեսակներու պաշարին ու անոնց անխնայ գործածութեան, ինչպէս նաեւ կռուողներու թուային անհամեմատօրէն հսկայ տարբերութեան, մեր զինուորները մէկուկէս ամիս դիմադրեցին թշնամիին անակնկալ ու ահաւոր յարձակումին ու տոկացին…: Պատերազմներու հմուտ մեկնաբան ըլլալը պայման չէ կռահելու համար, թէ որեւէ այլ պարագայի, անհաւասարութեամբ չհամեմատուող ուժերու միջեւ այդպիսի ծաւալով ու տարողութեամբ եւ մահասփիւռ զինատեսակներու անսպառ պաշարով օժտուած նախայարձակ կողմը քանի մը օրերու մէջ ընդհանրապէս կը հասնի իր նպատակին, ինչ որ Ատրպէյճան չյաջողեցաւ իրականացնել, որովհետեւ թշնամին ապաւէն ունէր իր զինական ուժը եւ կը կռուէր հողատարածք գրաւելու միտումով, իսկ հայ զինուորը կը վըստահէր իր քաջութեան եւ կեանքի գնով կը կռուէր հայրենի հողը պաշտպանելու համար: Ահա թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս տոկացինք մէկ-ուկէս ամիս: Փա՜ռք՝ ճակատներուն վրայ հերոսաբար կռուած ու նահատակուած, ինչպէս նաեւ պատերազմի արհաւիրքէն վերապրած բոլոր հայորդիներուն, որոնց քաջութիւնը բազմիմաստ ու նուիրական ուղերձ մըն է՝ ուղղուած հայրենի քաղաքական ու զինուորական ղեկավարութեան, որ երէկուան զանցառութիւնները չկրկնուին այսուհետ: Ուղերձ մըն է նոյնպէս մեր մեծ դաշնակիցին, որ վստահութեամբ իր գրաւը կրնայ դնել հայու քաջութեան եւ նուիրուածութեան՝ իր հայրենիքին: Ուղերձը ուղղուած է նաեւ մեր թշնամիին, որ մահու-կենաց կռիւին մէջ մահէն չխուսափող հայ բանակայինը աւելի սարսափելի է քան անոր սպառնալիքն ու մահասփիւռ զէնքերը:
Հարցումը սակայն, որ ամիսէ մը կը մրճահարէ մեզ այն է, թէ կրնայի՞նք արդեօք անցնող տարիներուն այնպիսի ներուժ ամբարել, որ այս անգամ եւս աւարտը մեր յաղթանակովը պսակուէր, ինչպիսին Ղարաբաղեան ազատագրական առաջին պատերազմին էր: Թերեւս այո՛, կրնայինք, եթէ…
Գիտենք, որ «Եթէ»ի վրայ հիմնուած ամէն հետեւութիւն կամ պատկերացում ենթադրական է, մտացածին է, անիրական եւ անարժէք: Բայց կայ նախընթացի մը փաստը, որ դրական կը դարձնէ հարցումին պատասխանը:
Հոս, կարգ մը վերապահումներով, փորձութեան կը մատնուիմ ակամայ զուգահեռ մը կատարելու: Ազգային նկարագիրի յատկանիշներով թէեւ հիմնովին տարբեր, բայց պատմական ճակատագիրի տեսակէտէն մեզի հետ որոշ հանգիտութիւններ ունեցող օրինակը բերելու հրեաներու, որոնք աւելի քան երկու հազար տարի աստանդական ու պետականազուրկ կեանքէ ետք, միայն եօթ հարիւր հազար բնակչութեամբ եւ Հայաստանէն աւելի փոքր պաղեստինեան փոքր տարածքի մը մէջ անկախութիւն հռչակեցին 1947-ին, ինչ որ ճանաչում գտաւ տարի մը ետք: Չգիտցող չկայ, որ այդ պետութիւնը Արեւմուտքի ձկնածն էր, կախեալ էր Արեւմուտքէն, կը վայելէր անոր նեցուկն ու պաշտպանութիւնը: Այսուհանդերձ կարելի չէ չընդունիլ, որ երկրի կառուցման բուն ճարտարապետները անկախութեան հիմնադիր սերունդը եղաւ, որ գիտցաւ պատմութեան հետ ժամադրուիլ եւ որ միաժամանակ ներգաղթի բարենպաստ պայմաններ ստեղծելով ազգաբնակչութիւնը շուտով հասցուց մէկ-ուկէս միլիոնի: Այսօր արդէն կը հաշուէ շուրջ ութ-ինն միլիոն եւ այլեւս կախեալ չէ Արեւմուտքէն, քանի այնքան ալ կարիքը չունի արտաքին նեցուկի: Ներկայիս, ան դարձած է փնտռուած զինատեսակներու մեծ վաճառող, որով եւ այնքան ինքնավստահ է ան իր ուժին, որ ինքզինքին իրաւունք կուտայ լկտիաբար արհամարհելու միջազգային օրէնքներն ու կառոյցներու որոշումները եւ իր ռազմավարական պայմանները կը փորձէ պարտադրել շրջապատին…:
Նախապէս պետական փորձ ու կառոյցներ չունենալով հանդերձ եւ միա՛յն 20 տարուան ընթացքին հրեաները հզօր պետութիւն ու բանակ կազմեցին եւ աշխարհը վկայեց այդ հզօրութիւնը 1967-ին…:
Վերի զուգահեռով տեսնենք մե՛րը: Մենք ալ ունինք գոյութենական վտանգ ու հայահաւաքի անհրաժեշտութիւն: Հրեաներէն նուազ հայրենասէր չենք: Մենք ալ ունինք սփիւռք, որուն գործունէութիւնը (աշխուժութիւնը) փաստ է, Հայրենիքին կապուածութիւնը կասկածելի չէ եւ որուն ներուժն ու կարողականութիւնը բնաւ արհամարհելի չեն: Շատերու, նոյնիսկ հրեաներու վկայութեամբն իսկ հայու խելքն ու ձեռներէցութիւնը ոչինչով կը զիջին հրեաներու խելքէն ու ձեռներէցութենէն: Իսկ իբրեւ մարտունակ ազգ, ցոյց տուած ենք մեր մարտունակութիւնը թիւով ու զէնքով մեզմէ բազմապատիկ աւելի թշնամիի դէմ կռիւներու ընթացքին՝ Սարդարապատի մէջ, Զանգեզուրի մէջ, Ղարաբաղի ազատագրական պատերազմի մէջ՝ յաղթանակներու ելքով: Նաեւ այս վերջինին պարտութեան մէջ: Ունինք նաեւ հուժկու դաշնակից:
Այս այսպէս ըլլալով մէկտեղ մերը առաւ հակառակ ընթացք: Վերանկախացումէն ետք հայրենի ազգաբնակչութիւնը փոխանակ աւելնալու՝ պակսեցաւ, ազգային գաղափարախօսութիւնը տժգունեցաւ, պետութիւն եւ քաղաքացիութիւն իրարմէ խորթացան, հակառակ խաբուսիկ հռետորաբանութեան՝ սփիւռք-հայրենիք վստահութիւն չկայացաւ եւ… Արցախի ազատագրական փառաւոր յաղթանակէն 30 տարի վերջ՝ անփառունակ պարտութիւն կրեցինք եւ այլն, եւ այլն: Ինչո՞ւ այս ձախաւերութիւնները: Խոստովանինք, որ անցնող 30 տարիներուն մեր իշխանաւորները արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող կառոյցները առողջացնելու եւ պետականութեան հիմերը ամրացնելու փոխարէն, հետամուտ եղան այդ կառոյցներով կազմակերպելու վարչակարգ մը, որ պիտի ապահովէր սեփական իշխանութիւնը եւ պիտի երաշխաւորէր անոր վերարտադրութիւնը:
Չկրցա՛նք, նոյնի՛սկ չփորձեցինք պետականութիւն կառուցել ու ամրացնել այնպէս, որ ան կարենար տէր կանգնիլ արցախեան յաղթանակին եւ պատուար դառնալ համաթրքութեան սպառնալիքին դիմաց: Մեր ապահովութիւնը վստահեցանք մեր մեծ դաշնակիցին եւ անկէ կախեալ մնալու հոգեբանութիւնը աճեցուցինք այն աստիճան, որ նոյնիսկ ներքաղաքական այս կամ այն ուժին ու գործիչին յաջողութեան յուսալիութիւնը չափեցինք ըստ այդ կախեալութեան…: Չհասկցանք, որ ամէն ինչով մեր կախեալութիւնը բեռ մըն է մեծ դաշնակիցի մը համար, որուն ռազմավարական հաշիւները եթէ պահանջեն, ան ի հարկին պիտի չտատամսի գործարքի մէջ մտնելու իր ու մեր թշնամիին հետ՝ ի վնաս մեզի:
Չմտածեցինք, որ մեծ պետութիւնները նպաստաբաշխ կամ բարեսիրական հաստատութիւններ չեն, որ ամէն ատեն ու ամէն ինչի մէջ օգնեն մեզի: Անոնք ունին ռազմավարական նպատակներ եւ ըստ այդ նպատակներուն կ’ընտրեն իրենց փոքր դաշնակիցները՝ որոշ սպասումներով:
Աւելորդ է ըսել, որ Կովկասի մէջ ռազմավարական կարեւոր դիրք ունի Հայաստանը: Ցարական շրջանին աշխարհագրական անարդար դասաւորումները եթէ ազգամիջեան տարակարծութիւններ միշտ արծարծ պահելու նպատակ կը հետապնդէին, ուրեմն համայնավարութեան օրերուն, Քեմալը սիրաշահելու համար կատարուած զիջումներով մէկտեղ, այդ նպատակին վրայ կ’աւելնար Պարսկաստանի ազերի զանգուածը եւ Թուրքիան Ատրպէյճանէն կտրելու նպատակը: Ասիկա կը նշանակէ, թէ համաթրքութեան կամ համաթուրանականութեան սպառնալիքը միայն մեր մղձաւանջը չէր, այլ չբարձրաձայնուած լրջագոյն մտահոգութիւնն էր նաեւ ռուսին ու պարսիկին եւ բնականաբար՝ այլոց:
Համաթրքութեան սպառնալիքի մղձաւանջը,- եւ ոչ միայն ան,- եւ մեր իսկ գոյատեւումն ու բարգաւաճումը ապահովելու հրամայականը նուիրական ու անյետաձգելի պարտք կը դնէին մեր ուսերուն՝ կազմակերպելու այնպիսի ամրապինդ պետութիւն, որ պիտի դառնար արթուն եւ անպարտելի պահակը գէթ գոյութիւն ունեցող սթաթու-ին, ինչ որ մեր դաշնակիցին պիտի ներշնչէր յարգանք ու վստահութիւն մեզի հանդէպ, միաժամանակ որոշապէս պիտի թեթեւցնէր անոր բեռը: Բայց այդպէս չեղաւ, չըրինք, հակառակ որ 30 տարի ժամանակ ունէինք ատիկա ընելու:
Մեր պարտութիւնը շատ մեծ ու կործանարար պատիժ էր պատմութեան բազմիցս կրկնած դասը սորված չըլլալնուս առ այն, որ որքան շատ յոյսեր կապես ուրիշին, այնքան ու աւելի՛ խոր կ’ըլլայ յուսախաբութիւնդ ու ցաւդ:
Յամենայնդէպս. ինչ որ պատահեցաւ, ողբերգակա՛ն ու նուաստացուցի՛չ, արդէն անցեալ է: Վերջին երկու տարիներու ՀՀ-ի քաղաքական իշխանութեան եւ զինուորական վերնախաւի ապաշնորհութեան ու ապիկարութեան տխուր փակագիծը պատճառ պիտի չդառնայ, որ կորսնցնենք ազգային ինքնավստահութիւնը:
Պիտի կառչինք ժողովրդային ասոյթին, թէ՝ «Վաղը նոր օր է», որ պիտի ըլլայ նոր սկիզբ՝ սթափութեան, նո՛ր ղեկավարութեամբ ազգային պետականութեան նորովի կառուցումին: Այլապէս պատմութեան առջեւ յանցաւորի խարանը պիտի կրենք բոլո՛րս, ազգովի՛ն:
Միհրան Քիւրտօղլեան
Աղբիւր- «Գանձասար-Բացառիկ 2021»