Բա­ղա­բեր­դի լեռ­նա­յին հո­վիտ­ներն ու բար­ձունք­նե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ ձիւ­նով ծածկ­ուած են հի­մա։
Առատ ձիւն կը մա­ղէ, ան­խօս տխ­րութ­եան պէս, հոն՝ վիշ­տէն կուչ եկած  հո­ղին  վրայ, դա­տարկ տու­նե­րուն, ուր քա­մին պա­տու­հան­նե­րուն փշր­ուած ապա­կի­նե­րուն քս­ուե­լով անա­սե­լի ցա­ւի մը  եր­գը կը սու­լէ, որ լսե­լի է միայն հո­ղի հե­ռա­ցած տէ­րե­րուն։
Անա­րատ  ձիւ­նի փա­թիլ­նե­րը  կը թափթ­փին, կար­մի­րով ներկ­ուած  մա­կե­րես­նե­րուն, սա­ռած առու­նե­րու ափե­րուն, ուր ծա­ղիկ­նե­րը քնա­ցած են հո­ղին տակ։ Յոյ­սը իր վեր­ջին ճան­կե­րը կը փոր­ձէ խրել բռ­նա­բար­ուած հո­ղի երակ­նե­րուն. «արիւնը ջուր չի դառ­նար, հո­ղին յի­շո­ղու­թիւնը եր­բեք չի մեռ­նիր», կ’ըսէ վեր­ջին ան­բառ ճի­չը…
Ձիւնը՝ վիշտն ու պատ­կա­նե­լիու­թեան յի­շո­ղու­թիւնը կր­նա՞յ ջն­ջել… աղօթ­քը  անա­ղարտ, որ օր մը բարձ­րա­ցած էր հոն­կէ թեւ առած, դէ­պի ան­հու­նը լու­սէ, դէ­պի աստ­ղա­հոյ­լե­րը…
* * *
Հա­ւա­նա­բար, սր­բու­թիւն մը կամ ժա­ռան­գու­թիւն մը, աւե­լի թանկ է անոր, որ զրկ­ուած է ան­կէ։ Որ­բա­նո­ցի ման­կան հա­մար չկայ աւե­լի փա­փա­քե­լի իղձ, քան ու­նե­նա­լը եւ գր­կե­լը հա­րա­զատ մօ­րը։
* * *
Անոնք՝ մեր պա­պե­րը, կամ­քէ ան­կախ, պար­տադ­րա­բար, բռ­նու­թեամբ կորսն­ցու­ցին մե­զի ժա­ռանգ­ուե­լիք հայ­րե­նի­քը՝ Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը…
Մեր ծնող­նե­րը չտե­սան, ար­դա­րօ­րէն իրենց սե­փա­կա­նու­թիւնը եղող մե­զի կտակ­ուե­լիք գան­ձը…
Մենք՝ մեր գի­տակ­ցա­կան կեան­քի ամ­բողջ ըն­թաց­քին, այդ կս­կի­ծը շալ­կած մեր ներ­սի­դին քա­լե­ցինք, այդ տա­քուկ գանձով ջեր­մա­ցած, օծ­ուած, զմռս­ուած՝ անու­շա­բոյր երա­զի պէս, ան­հա­սա­նե­լի ոս­կե­պատ կե­նաց ծա­ռի պէս, փոխանցեցինք սկու­տե­ղը ան­գին, ուխ­տի նոր տա­պա­նա­կը մեր՝ տա­կա­ւին չծ­նած, կո­ղոպտ­ուած ան­մեղ մեր զաւակներուն…
Ջեր­մու­թիւնը  անոր ուժ կու­ տար մե­զի…
Ինչ­պի­սի  ցաւ էր  այդ… ո՛չ ոք կր­ցաւ նկա­րագ­րել իր բա­ռե­րով, գի­րերն ու խօս­քը մնա­ցին՝ թե­րի…
Կս­կիծն այդ, դառ­նու­թիւնը անա­նուն «երկ­նա­յին պար­գեւ»ի մը պէս, ծի­նե­րով  փո­խան­ցե­ցինք որ­բացած մեր յա­ջոր­դին…
* * *
Մենք՝ երբ տա­կա­ւին չէ­ինք ժա­մա­նած, մո­լո­րա­կը՝ կա­պոյտ յու­սա­տու, ան կը շր­ջէր ար­դէն՝ գր­կած ծո­վա­ծա­ւալ աշ­խար­հը մեր հայ­րե­նին։ Եկանք ձեռ­նա­ծալ, բա­ցինք ափե­րը մեր յոյ­սին։
Հայկ նա­հա­պետ իր որ­դի­նե­րը ղր­կեց հե­ռա­ւոր աշ­խարհ­ներ։
Իր յա­ջորդ­նե­րէն մէ­կուն յանձ­նա­րա­րեց ցախ տե­ղադ­րել, երե­րուն դրախ­տա­վայ­րի հե­ռա­ւոր մէկ մա­կե­րե­սին, որ ան դառնայ, բեր­րի. Արա­յի տա­րած ցա­խը դար­ձաւ  պի­տա­նի, վե­րա­ծե­լով մեծ ան­դաս­տանն՝ Արե­ւել­եան տա­սե­րորդ նահանգը, հայ­րե­նի Ար­ցա­խի…
Ձի­ե­րու երա­մակ­նե­րը վազվ­զե­ցին արե­ւել­քէն արեւ­մուտք, արեւ­մուտ­քէն արե­ւելք… դա­րե­րուն ընդ­մէ­ջէն, փո­թոր­կա­լի, սաստ­կա­շունչ, ան­դուլ քա­մի­ներ ան­ցան, խո­րին  հա­յոց աշ­խար­հէն։ Լեռ­նե­րուն վրայ մնա­ցին ոտ­նա­ձայ­նե­րը հե­րոս­նե­րուն եւ վան­քե­րուն աղօ­թող զան­գե­րուն ան­լե­զու ղօ­ղան­ջը։
Հան­դարտ օրեր եկան՝ Վա­չա­գան թա­գա­ւո­րի ար­քու­նի որ­սորդ­նե­րը Վա­րա­զա­թում­բի գա­գա­թէն Արաքս գե­տի հո­վի­տը հս­կե­լով փող կը հն­չեց­նէ­ին, որ թա­գա­ւո­րը վա­րա­զի որսն իր բաց չձ­գէր… Վա­րա­զա­թում­բը՝ փա­փա­քե­լի բար­ձունք ամրակուռ թշ­նա­մի­նե­րուն եւ իրա­կան տէ­րե­րուն հա­մար, ուր­կէ պէտք է վե­րահս­կել տա­րած­քը շր­ջա­կայ։
Վա­չա­գան բա­րե­պաշտ թա­գա­ւոր, յա­ւի­տե­նա­կան իր նիր­հին մէջ երազ տե­սաւ, ցա­ւով սոս­կաց ան­նա­խա­դէպ արիւ­նա­լի աշ­նան հա­մար այս վեր­ջին…
Աղ­բիւր­նե­րը լե­ղի բխե­ցու­ցին, աղի ար­ցունք կու­տա­կե­ցին, գե­տեր իրենց հու­նե­րը փո­խե­ցին վա­ւա­շոտ բռ­նա­կալ­նե­րու պար­տադ­րան­քով։
Գան­ձե­րու սա­րը յօ­շոտ­ուե­ցաւ, ցե­ղա­խում­բեր իրենց հետ­քը թո­ղու­ցին,  իշ­խա­նա­զուն­նե­րու եդե­ման­ման ազ­նիւ հո­ղին վրայ եւ ան­ցան…
Թար­թառ գե­տի ափին, տխուր մտա­ծող քա­րե­րը վա­ճառ­ուե­ցան։
Մինչ գե­տը կը քա­լէր, կ’եր­թար հե­ռու­ներ, կը հաս­նէր նոյ­նիսկ մե­զի, քա­րե­րը մնա­ցին շուար եւ ան­շարժ…
Դուն՝ բաց սիրտ Դա­դի­վանք, Թա­դէ­ոս առաք­եա­լին, Դա­դէ­ին, Մխի­թար Գօ­շին տուիր  գո­րով, ապաս­տան եղար ընտրանի­նե­րուն։ Քրիս­տո­սի բա­րի լու­րը Թա­դէ­ոս առաք­եալ ուն­կե­րուն մէջ ծրա­րած  հաս­ցուց, քե­զի տա­լով նախապատուու­թիւնը, իր յա­ջորդ­նե­րուն փո­խան­ցե­լով լոյ­սին զօ­րու­թիւնը, բարի­ին ներ­կա­յու­թիւնը։ Մխի­թար Գօշ Ամենա­կա­լին ար­դար դա­տաս­տան­ներն ու կա­նոն­նե­րը գրի առաւ քու տա­քուկ գո­գիդ մէջ։ Գի­րերն այդ սր­բա­զան վերածուե­ցան դա­րա­ւոր օրէն­քի։
Ար­զու­խա­թուն իշ­խա­նու­հին իր ըն­դար­ձա­կած վա­նա­կան հա­մա­լի­րին մէջ Վախ­թանգ իշ­խա­նին եւ իր նա­հա­տակ եր­կու որ­դի­նե­րու յի­շա­տա­կին ասեղ­նա­գործ ժան­եակ­նե­րու նր­բու­թեամբ խաչ­քա­րե­րուն կեանք եւ հո­գի տուաւ, որոնք մինչ օրս շուա­րած կը ճամ­բոր­դեն, գտ­նե­լու իրենց հա­մար ապա­հո­վա­գոյն վայ­րը։ Խո­րան­նե­րու վա­րա­գոյր­ներ՝ առա­քի­նի իշխանուհիի մատ­նե­րու հմ­տու­թեան ար­գա­սի­քը թեւ առին՝ Հա­յաս­տան աշ­խար­հի հե­ռա­ւոր վան­քե­րը զար­դա­րե­լու, Գօշա­վան­քին, Մա­կա­րա­վան­քին սէր եւ ար­ուեստ հա­ղոր­դե­լու։
Արե­ւել­եաց աշ­խար­հի բարձ­րա­բերձ բլուր­նե­րու, պա­հա­պան եկե­ղե­ցի­նե­րու իւ­րա­քան­չիւր գա­ւի­թի տա­կէն, պահ­ուած գանձ մը ձայն կու տայ, գլու­խը  բարձ­րաց­նե­լով, վս­տա­հեց­նե­լով, որ հա­ւա­տա­րիմ է հո­ղին, նա­խան­ձախն­դիր պահպանու­թեան…
Մար­տա­կեր­տի Վանք գիւ­ղէն, Գան­ձա­սար վան­քէն, Յով­հան­նէս Մկր­տիչ աչ­քե­րը  յա­րած երկն­քի գու­թին, կը հս­կէ տարած­քը՝ պաշտ­պա­նե­լու ոսո­խի յար­ձա­կում­նե­րէն։
Գան­ձա­սա­րը՝ գր­չու­թեան մեծ կեդ­րոն, հա­րուստ ձե­ռագ­րա­տու­նով, դպ­րա­նո­ցով, բար­ձուն­քէն գե­տի պէս տա­րած­ուե­ցաւ, քար առ քար, գիւղ առ գիւղ, քա­ղաք առ քա­ղաք, Հա­յաս­տան աշ­խար­հի երակ­նե­րով ծնունդ տուաւ բազ­մա­թիւ հո­գե­ւոր  գոր­ծիչ­նե­րու, գիտ­նա­կան­նե­րու, որոնք իրենց աչ­քե­րու լոյ­սը նուի­րե­ցին յա­րա­կից շր­ջան­նե­րու հո­գե­ւոր եւ մտա­ւոր կեանքի զար­գաց­ման։
Դեռ եր­կու հա­զա­րամ­եակ առաջ, Տիգ­րան թա­գա­ւոր իր չորս Տիգ­րա­նա­կերտ­նե­րէն լա­ւա­գոյ­նը ստեղ­ծեց այս­տեղ եւ մեր օրե­րուն վե­հա­նիստ Տիգ­րա­նա­կեր­տը կր­կին ժպ­տե­ցաւ լոյ­սին, եւ կան­չեց մեզ՝ իր տուն տե­սութ­եան…
Փոքր Սիւ­նի­քը շունչ առաւ, Ղա­զա­րո­սի պէս ոտ­քի կանգ­նե­ցաւ, մեծ ջան­քե­րով, գո­րո­վով, բազ­մա­թիւ խոշ­տան­գում­նե­րէ ետք, Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի ոգին գիր դար­ձած  թե­քե­րե­ցաւ այս­տեղ։ Քա­րե­րը եր­կար գե­րու­թե­նէ ետք սկ­սան դարձ­եալ հայե­րէն բար­բա­ռել, գրել հա­յա­տառ։ Պահ­պան­ուած լոյ­սը, զօ­րու­թիւնը ան­մե­կին, կան­թե­ղը լու­սա­ւո­րեց։
Մաճ­կա­լա­շէն գիւ­ղէն քիչ ան­դին, Ամա­րա­սի Մար­տու­նի շր­ջա­նին մէջ, Հին­գե­րորդ դա­րու մեծ գիտ­նա­կա­նը, սուր­բը իր հոգիի ար­գա­սի­քը բե­րած, առա­ջին ան­գամ քան­դա­կած էր այս­տեղ, որ հա­յոց աշ­խար­հի հե­ռա­ւոր այս ան­կիւնն ալ հաղորդ­ուէր  առա­ջին դպ­րո­ցի շո­ղով։
Ամա­րաս՝ այ­ցի պի­տի գանք քե­զի երբ Ամե­նա­կա­լը որո­շէ կր­կին լու­սա­ւո­րել ամէն բան։ Չոր­րորդ դա­րու Լու­սա­ւոր­չի հիմնած ուխ­տա­վայ­րին մէջ, առա­ջին հայ­րե­նա­ւանդ, հա­յա­տառ դպ­րո­ցէդ ներս, առա­ջին դպ­րո­ցի նս­տա­րան­նե­րուդ վրայ, Մաշ­տո­ցին տուած ուխտս նո­րո­գե­լու։ Հրաշ­քով պահ­պան­ուե­ցար հին տէ­րե­րուդ։ Մես­րո­պի շուն­չով բա­բա­խող հոգիներուն աղօթ­քով, կը մնաս կան­գուն։
* * *
Արե­ւե­լից կող­մե­րուն, նոր ժպ­տա­ցող կեան­քը իջաւ, խառն­ուե­ցաւ ար­նա­ներկ հո­ղին, վե­րած­ուե­ցաւ ցա­ւի, լեր­դա­ցած արեան եւ բո­ղո­քի. խռովք իջաւ հայ­րե­նի­քի սր­տին՝ խո­րին աշ­խա­րհը հա­յոց…
Խռովքն այդ տա­րած­ուե­ցաւ, Սե­ւա­նայ աւա­զա­նը առաւ իր ցա­ւին ու տագ­նա­պին հետ…
Բա­ղա­բեր­դի մէջ մնա­ցին լու­սա­ւոր­ուած հո­գի­ներ, կի­սատ մնա­ցած՝ չապր­ուած գլ­խատ­ուած  կեան­քեր, քանդ­ուած երդիկ­ներ, ծխա­ցող տու­նե­րով՝ գիւ­ղեր, ան­շի­րիմ մնա­ցած ան­հետ կո­րած­ներ, որոնք դեռ պար­զած են իրենց զէն­քե­րը դէպի վեր, հր­թիռ­ներ վար առ­նե­լու պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ, յա­ւերժ մնա­ցին զի­նուոր, հայ­րե­նի տան պա­հա­պան­ներ, որոնց հո­գի­նե­րը կը սա­ւառ­նին  բար­ձունք­նե­րուն, սպա­սե­լով տէ­րե­րուն վե­րա­դար­ձին։ Ար­դա­րու­թեան ճի­չը կը ժայթ­քի, լսե­լի է ամէ­նու­րեք։
Եռա­գոյն դրօշ­նե­րով ծածկ­ուած,Կով­կա­սի մար­գա­րիտ՝ Շու­շի բեր­դա­քա­ղա­քէն վե­րա­դար­ձող մար­մին­նե­րուն մէջ ծրարուած բո­ղոք է, անա­սե­լի վի­րա­ւո­րանք։ Անա­ռիկ բեր­դա­քա­ղաք, դա­ւա­ճա­նա­բար խոր­տակ­ուած, մշա­կոյ­թի պսպ­ղուն հնա­ւանդ աստղ՝ հո­գե­վար­քի մէջ, թպր­տա­ցող աւանդ, մի­թէ չճանչ­ցա՞ր քու հա­ւա­տա­րիմ­ներդ…
Ող­բամ զքեզ, հա­յո՛ց աշ­խարհ, հիւ­սի­սա­յին ազ­գե­րու վե­հա­գոյ­նը… Խո­րե­նա­ցի՛ դուն վս­տա­հա­բար, յայտ­նու­թեամբ մը, այս օրը ու­նէ­իր նկա­տի. դա­ւադ­րու­թիւն­նե­րուն մե­ծա­գոյ­նը կա­տար­ուե­ցաւ Բա­ղա­բեր­դի Գող­գո­թա՝ Շուշիի բար­ձուն­քին  տեղադր­ուած Խա­չին վրայ։ Թա­գա­ւորդ ոչ միայն վե­րա­ցաւ՝ ան դար­ձաւ դա­հիճդ, խա­ղա­ղու­թիւնը վր­դո­վե­ցաւ, ամէնուրեք ար­մա­տա­ցաւ ան­կար­գու­թիւնը, ի ու­րա­խու­թիւն թշ­նա­մի­նե­րուդ։
Կր­կին արիւ­նե­ցան դեռ չսպ­ի­ա­ցած դաշ­տե­րը։ Ծա­ղիկ կեան­քե­րով անձ­րե­ւեց, ոռոգ­ուե­ցաւ հայ­րե­նի հո­ղը։ Ո՞վ կր­նայ շն­չել հա­յոց արիւ­նով հա­գե­ցած հո­ղին բոյ­րը։ Անու­շա­բոյր ծա­ղիկ­ներ զար­հու­րե­ցան չնաշ­խար­հիկ երկ­րի ճչա­ցող ցա­ւէն, արե­ւը դէմ­քը իր ծած­կեց, ամչ­ցաւ, խոր­տակ­ուած գա­րուն կեան­քե­րու, մեր ցե­ղի  գե­ղեց­կա­գոյն ընտ­րանիի կո­րուս­տին ի տես…
Բա­ղա­բեր­դը յանձն­ուե­ցաւ…
Քա­րե­րը կ’ար­ձա­գան­գեն ցա­ւա­գին…
Բեր­դա­շէն հո­ղը վշ­տա­ցաւ իր իշ­խան­նե­րէն…
Տէ­րե­րուն նկատ­մամբ խախ­տած է հա­ւատ­քը. անվս­տա­հու­թիւն, արիւ­նող, չսպ­ի­ա­ցող վէրք է ամէ­նու­րեք, արիւ­նա­ծոր սիր­տը կր­նայ բա­բա­խել միմ­իայն հո­ղի սե­փա­կա­նա­տէ­րե­րուն վե­րա­դար­ձով։
Թեւ ա՛ռ, թռի՛ր, հո՛ղ, դուն ընտ­րէ՛ հա­րա­զատ սե­պուհ իշ­խանդ…
Աջէն եւ ձա­խէն, մէջ­տե­ղէն բզկտ­ուած հս­կայ հայ­րե­նիք է հի­մա…
Կր­կին կորսնց­նե՞լ…
Այս ան­գամ պատ­մա­կան հայ­րե­նի­քի արիւ­նով վե­րա­դարձ­ուած շօ­շա­փե­լի մեծ  մա­սը…
Պար­տադր­ուած ցաւ… տար­բեր ցաւ…
Մենք՝ այս ան­գամ, ոչ թէ մեր նախ­նի­նե­րէն լսե­ցինք, այլ հեռ­ուէն ակա­նա­տես եղանք մեր պատ­մա­կան հայ­րե­նի­քի, հրաշա­գեղ մարմ­նի բզկտ­ուե­լուն, ան­խո­հե­մա­բար գի­շեր­ուան մու­թին գաղ­տա­գո­ղի, մեր պա­պե­րէն իբ­րեւ նուէր՝ բո­լո­րիս ժա­ռանգ­ուած գան­ձին, թշ­նամի­ին մա­տուց­ուե­լուն…
Մարիանա Պէրթիզլեան-Ղազարեան
Աղբիւր- «Գանձասար-Բացառիկ 2021»