Յուշիկ Ղազարեան, դուստրը Յովսէփ Ղազարեանի եւ Սօսի Եագուպեանի։ Ծնած է Հալէպ, 18 Սեպտեմբեր 1984-ին։
Յաճախած է Ազգ. Հայկազեան մանկապարտէզ եւ նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս, իսկ Հալէպի Համալսարանին մէջ հետեւած է ուսողութեան ճիւղին։
Շատ փոքր տարիքէն կը սիրէր դպրոցը, մանկապարտէզի առաջին տարին Կիրակի օրերը կու լար, որովհետեւ կ’ուզէր միւս օրերուն նման դպրոց յաճախել։
Հայերէնը եւ արաբերէնը դպրոցէն ներս սորվելով, Ծաղիկ դասարանէն սկսաւ ինքնաշխատութեամբ անգլերէն սորվիլ, իրմէ մէկ տարի փոքր եղբայրը՝ Յովիկը, խանդավառուած ինքն ալ սկսաւ հետեւիլ եւ սորվիլ։ Անոնք լեզուին բաւական տիրապետելնէն ետք, ես եւ Յովսէփը իրենց տարիքին համապատասխան պատմութեան անգլերէն գիրքեր հայթայթեցինք, հայերէնի եւ արաբերէնի կողքին։ Անոնք նոյն թափով շարունակեցին երեք լեզուներուն հետեւիլ մինչեւ իրենց մեծնալը, իսկ մենք, որպէս ծնողք, կարելի եղածին չափ փորձեցինք պահել ընթերցանութեան այդ մթնոլորտը տան մէջ։
Յուշիկին բանաստեղծական տաղանդը սկսաւ երեւան գալ նախակրթարանի երկրորդ, երրորդ դասարանէն եւ շարունակուեցաւ մինչեւ իր մահը։
Արուեստը երկու զաւակներուս համար  նախասիրութիւն էր։ Անոնք միասին յաճախեցին Համազգայինի «Արշիլ Կողքի» կերպարուեստի կեդրոն, միաժամանակ հետեւելով  «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» երգչախումբին։
Երկրորդականի տասերորդ դասարանին, Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութիւնը, թատերգութեան մրցում յայտարարեց 10-րդ եւ 11-րդ կարգերուն. խմբային աշխատանք էր, Յուշիկին գրութեամբ եւ դասարանի խումբ մը աշակերտներու ճիգերով ներկայացուեցաւ «Պըն Լատէն» թատերգութեամբ, 25 վայրկեան տեւողութեամբ։ Որպէս լաւագոյն բեմագրութիւն Յուշիկին գործը առաջին հանդիսացաւ։ Կարծես այս եղաւ առաջին կայծը, որ բռնկեցուց իր թաքուն գրական շնորհքը եւ սէրը թատերգութեան հանդէպ, բանաստեղծականի կողքին։
Յետոյ շրջիկ թատերախումբի գաղափարը յղացաւ, աշակերտներէ կազմուած խումբով սկսան այցելել դպրոցներ, ներկայացնելով հայոց պատմութենէն քաղուած պատմական դէպքեր, ինչպէս «Արշակ երկրորդ»ը, իր գրութեամբ եւ բեմադրութեամբ, որ շատ մեծ ընդունելութիւն գտաւ աշակերտներուն մօտ։
2003-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ հայոյ լեզուի եւ գրականութեան առաջին ողոմպիական մրցաշարքը։ Սփիւռքի երկրորդական կարգի աշակերտներուն յատուկ։ Յուշիկը վերադարձաւ առաջնակարգ մետալներով եւ վկայականներով։
Համալսարանական շրջանին «Կէլկեամիշ» առասպելը ներկայ ժամանակներուն հետ կապելով, արաբերէն գրական լեզուով թատերգութիւն մը գրեց, հայ աշակերտներու խաղարկութեամբ եւ իր բեմադրութեամբ, որ ներկայացուեցաւ համալսարանի «Պասէլ» թատերասրահին մէջ, «հայկական մշակութային շաբաթ»ին առիթով, մեծ ընդունելութիւն գտնելով հայ եւ արաբ հանդիսատեսներու մօտ։
Հետագային, նոյն թատերգութեամբ 2014-ին մասնակցեցաւ Տուպէի մէջ տեղի ունեցած թատերգութեան մրցումին՝ չորրորդ հանդիսանալով արաբական աշխարհէն բոլոր մասնակիցներուն մէջ։
Հայ լեզուի հանդէպ իր ունեցած սէրը զինք մղեց կատարելագործելու իր լեզուն, 2012-ին հետեւելով Հալէպի Համազգայինի Հայագիտականի դասընթացքներուն՝ մեծ գոհունակութեամբ եւ խանդավառութեամբ։
Քանիցս մասնակցած է ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան կազմակերպած «Ձիրքերու Մրցոյթ»ին, որպէս ժիւրիի անդամ։
2013-ին Հայաստանի Համազգայինը թատերագրութեան մրցում յայտարարեց բոլոր հայ գրողներուն համար՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի։
Տարբեր երկիրներէ ազգային նիւթերով 52 թատերագիրներ մասնակցած էին։ Յուշիկը դարձեալ չորրորդ հանդիսացաւ «Վաճառականը» վերնագրով թատերգութեամբ, որ արժանացաւ տպագրութեան  «13 փիէս» խորագրով գիրքին մէջ, որ կ’ընդգրկէր մրցումին ներկայացուած 13 լաւագոյն թատերգութիւնները։
2016-էն մտաւ իր ուսուցչական ասպարէզը՝ հայկական դպրոցներուն ապա Ճեմարանի մէջ, դասաւանդելով հայերէն լեզու զանազան կարգերու, նաեւ կազմակերպելով ներկայացումներ՝ թէ՛ ամավերջի հանդէսներուն, թէ՛ ազգային եւ տօնական առիթներուն, յարմար յայտագիրներով, պզտիկ փիէս-ասմունքներով, ըլլան անոնք համադրումներ հայ բանաստեղծներու գրութիւններէն կամ իր ստեղծագործութենէն։
Կ’արժէ յիշել որ իր «Ոգեկոչում» բանաստեղծութիւնը ներկայացուեցաւ 2013-ին կազմակերպուած Համազգայինի Թատերական Միաւորի Գրական Յանձնախումբի «Տաղ Հալէպին» ասմունքի փառատօնին, որուն ընթացքին ներկայացուեցան հալէպահայ եւ ոչ-հալէպահայ բանաստեղծներու գործեր՝ պատանի աշակերտներու ասմունքով, Հալէպի պատերազմի ամէնէն ծանր օրերուն։
Ուսուցչական ասպարէզին կողքին, վարեց միութենական աշխատանք, եղաւ «Ռատօ Երազ»ի յանձնախումբի անդամ՝ որպէս խօսնակ, հաղորդավար, յատուկ առիթներու խօսնակ, ուղիղ եթերներ կազմակերպող, տեսակցութիւններ եւ հարցազրոյցներ վարելով Հալէպ այցելող նշանաւոր անձնաւորութիւններու հետ։
Հալէպի Համազգայինի Թատերական միաւորի անդամ եղաւ կազմակերպելով զանազան ձեռնարկներ, ինչպէս «Ճաշարանը Փակ Է» թատերգութիւնը՝ իր հեղինակութեամբ եւ բեմադրութեամբ, «Ո՞վ Կ’ապրի Ձեր Տունը» դարձեալ իր հեղինակութեամբ եւ Աւօ Գաբրիէլեանի բեմադրութեամբ, Յովհաննէս Թումանեանի «Սուտասանը»` իր բեմադրութեամբ, ծիծաղի երեկոներ, թատերասէրներու գրութեամբ եւ աշակերտներու խաղարկութեամբ։
Առասպելը եղած էր զինք հետաքրքրող նիւթերէն մէկը, ուսումնասիրելով զայն շատ մը ազգերու մօտ, յօդուածներու շարք մը գրեց, որ տպուեցաւ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթին մէջ, որուն խմբագրակազմին մաս կը կազմէր որպէս սրբագրիչ։
Բազմազբաղ ըլլալով մէկտեղ, 2019-ի Նոյեմբերին Լեւոն Շանթի «Եսի Մարդը» թատերգութիւնը ներկայացուց «Լեւոն Շանթ» թատերախումբի կազմակերպութեամբ եւ իր բեմադրութեամբ։
2017-էն ի վեր անդամ էր Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբին։
2020-ի Մայիս 28-ի բանախօսութիւնը իրեն յանձնուած էր։Նիւթը հմտութեամբ ներկայացուց, արժանանալով  հանդիսատեսներուն, ֆէյսպուքի հետեւորդներուն գնահատանքին։
Վաղահաս մահէն առաջ գրած էր թատերգութիւն մը, ազգային նիւթով, որ փորձի շրջանի մէջ է հիմա, եւ կրկին պիտի ներկայացուի Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Թատերական Միաւորի ջանքով եւ Շանթ Ուրիշիկեանի բեմադրութեամբ, 2021-ին, իսկ թատերական անտիպ գործերը՝ հետագային։
Տակաւին շատ ու շատ գրական գործեր ունէր մտքին մէջ պատրաստ, ըլլան անոնք պատմուածքներ, բանաստեղծութիւններ, զանազան նիւթերու մասին պրպտումներ եւ թատերգութիւններ, բայց պսակաձեւ ժահրի համաճարակին հետեւանքով դաժան մահը խլեց իր երիտասարդութիւնը, հողին յանձնելով իր արեւը եւ տաղանդը, իրմէ զրկելով ընտանիքը, շրջապատը եւ իր աշակերտները, որոնք այնքան կը սիրէին զինք՝ իր քաղցր եւ սիրելի ներկայութիւնը։
Խո՛ւնկ ու մո՛մ գերեզմանիդ։
Հողը թեթե՛ւ գայ վրադ, սիրելի՛։ Յուշօս։
Դժբախտ մամադ՝ որ այս ծանր 
պարտականութիւնը պարտադրաբար ստանձնեց քու յիշատակիդ
Յաջորդաբար կը հրատարակենք Յուշիկ Ղազարեանի անտիպ գործերէն.
ԿԱՂԱՆԴԻ ԳՈՅՆԸ
Ի՞նչ է իրօք գոյնը կաղանդի։
Կ’ըսեն կանաչ, ինչպէս կաղնի,
Կամ կարմիր ալ, կամ՝ ճերմակ ձիւն,
Ինչպէս պապիկին հին վերարկուն…
Ոմանք կ’ըսեն՝ ոսկի է փայլուն
Գալիքին պէս, որ կանգնած է հեռուն,
Կ’ըսեն կապոյտ ու վարդագոյն,
Հազար ու մէկ պէս-պէս գոյն
Կ’ըսեն, կը կռահեն, կ’ենթադրեն,
Ուրիշներ հաստատ կը պնդեն,
Բայց ոչ ոք գիտէ իսկապէս,
Կաղանդի գոյնը ինչի է պէս…
Եկէք պահ մը մենք մտածենք
Ու կաղանդի գոյնը հիմա գտնենք…
Նախ հարց տանք մենք իրարու
Գոյնը ի՞նչ է ուրախ բաներու
Կամ գոյնն իսկական վաղուան յոյսի,
Եւ աչքերուն մէջ փայլող լոյսի…
Գոյնը սիրոյ ու հաւատքի,
Կեանքին ազատ, առանց պարտքի…
Ա՜խ անկարելի է, անկարելի է այսպէս
Կաղանդի գոյնը գտնենք ինչպէ՞ս
Թող զարդարուի ան գոյներով պէս-պէս
Թող մնայ միշտ սիրուն գեղանի
Գոյներով բոլոր գօտիին Ծիրանի։
ԱՂՈՒՈՐԸ
Աղուորը աղուոր բառ մ’է սոսկ,
Որ սրտին մէջ կը ծնի
Ու կոկորդէն վեր լողալով
Տաքուկ-տաքուկ
Շրթունքէն դուրս կը սպրդի։
Աղուորը պատկեր է կամ բոյր,
Պատառ մը ձայն ու համբոյր,
Մեղրամոմէ հալող տուն
Ֆէյսպուքային երկխօսութիւն
Եւ…
Եւ ինչ կ’ուզես, ալ դուն շարէ
Աղուորներուն էն աղուորն ընտրէ
Բայց չմոռնաս, աղուորս,
Թէ բառարանին մէջ հաստափոր
Աղուորը, աղուոր բառ մ’է սոսկ։
ՍՊԱՍՈՒՄ
Այս գիշեր ալ, ամէն գիշերուայ պէս,
Մէկ շունչով կը փորձեմ լեցնել
Թոքերս ամբողջ, տիեզերքով…
Ես կը շնչեմ անոր աստղերն անհամար…
Տիեզերքն ու ես,
Լուռ կը հասկնանք մենք իրար…
Ան ալ էգ մըն է, ինծի պէս
Խորունկ ու մութ ու անծայր…
Երկուքս ալ յամառօրէն կը սպասենք
Տիեզերագնացին մեր ասպետ,
Որ աստղերը իր ափին մէջ
Մէկ բուռ ընէ
Եւ լեցնէ դատարկութիւնը
Մեր անսահման…։
Աղբիւր- «Գանձասար-Բացառիկ 2021»