Հինգշաբթի, 14 Յունուար 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի քարտուղարին եւ Ապահովութեան Խորհուրդի նախագահին զոյգ նամակներ յղեց, յայտնելով որ. «Սուրիոյ Հանրապետութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Չորեքշաբթի, 13 Յունուար 2021-ի գիշերուան ժամը 01:10-ին Տէր Զօրի եւ Պուքամալի վրայ Իսրայէլի գործած օդային յարձակումը: Իսրայէլեան յարձակումները յաճախ տեղի կ’ունենան զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն գործած յարձակումներուն զուգահեռ, ինչ որ կը վկայէ Սուրիոյ հակառակորդ կողմերուն միջեւ գործողութիւններու համակարգումին մասին: Անոնք ոչ միայն յարձակում կը գործեն սուրիական հողերուն վրայ, այլեւ սուրիական տարածքներ կը գրաւեն, խախտելով Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը»:
Նախարարութիւնը եզրափակելով կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին, որ անմիջապէս դադրեցնէ Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան յարձակումները եւ Իսրայէլը պարտադրէ, որ յարգէ միջազգային ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը պահպանող պայմանագրութիւնները: