«Էրմէնիհապեր».-13 Յունուարին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի միջեւ տեղի ունեցած է հեռաձայնային զրոյց, որուն ընթացքին Փութին իր գործընկերոջը տեղեկացուցած է 11  Յունուարին Մոսկուայի մէջ կատարուած  եռակողմ հանդիպումին արդիւնքները:

«Թուրքիոյ նախագահին հետ զրոյցի ընթացքին Փութին յայտնած է, որ մոսկովեան հանդիպումին գլխաւոր արդիւնքը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէն` յարաբերութիւններու բարելաւման տրամադրուածութեան հաստատումն է», հաղորդած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի ծառայութիւնը:

Նոյն աղբիւրին փոխանցումով, զրոյցի ընթացքին Էրտողան իր աջակցութիւնը  յայտնած է ղարաբաղյան հարցի կարգաւորման գծով Մոսկուայի ջանքերուն,  կարեւոր համարելով Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ գործողութիւններուն հետագայ համակարգումը:

«Զրոյցի ընթացքին Պութին եւ Էրտողան անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի կարգի դիտարկման  ռուս-թուրքական կեդրոնի ստեղծման որոշ նրբերանգներու» , -կը հաղորդէ Քրեմլին: