«Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ վարակուած է պսակաձեւ ժահրով եւ ցարդ բուժման կը հետեւէր տնային պայմաններուն մէջ, փոխադրուեցաւ հիւանդանոց: Այս մասին հաղորդագրութեամբ մը յայտնեցին Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:

«Հիւանդութիւնը տակաւին բարդ ընթացք ունի. նախագահ Սարգսեանի մօտ առկայ են այդ վիճակին բնորոշ ախտանիշներ` բարձր ջերմութիւն, երկկողմանի թոքաբորբ», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։