Երեք­շաբ­թի, 12 Յուն­ուար 2021-ին, ՍԱ­ՆԱ հա­ղոր­դեց, որ Սուր­իոյ կա­ռա­վա­րու­թիւնը իր հեր­թա­կան նիս­տը գու­մա­րեց վար­չա­պետ Հու­սէյն Ար­նու­սի նա­խա­գա­հութ­եամբ։ Նիս­տին ըն­թաց­քին կա­ռա­վա­րու­թիւնը քն­նար­կեց քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն կեն­ցա­ղա­յին հար­ցե­րը, վա­ռե­լա­նիւ­թի, յատ­կա­պէս պէն­զի­նի եւ մա­զու­թի տագ­նա­պը։
Կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մա­ձայն, յա­ռա­ջի­կայ օրե­րուն Սուր­իա պի­տի հաս­նին քա­րիւ­ղա­յին ար­տադ­րու­թիւն­ներ, հա­մա­ձայն Սուր­իոյ եւ քա­րիւղ ար­տադ­րող եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ ստո­րագր­ուած պայ­մա­նագ­րու­թեան։ Այս­պի­սով պի­տի ապա­հով­ուի Սուր­իոյ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն պէն­զի­նի եւ մա­զու­թի անհ­րա­ժեշտ կա­րի­քը։