«Երկիր».- Թուրքիոյ ՆԳՆ մամլոյ ծառայութիւնը  11 Յունուարին հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արեւելեան հատուածին՝ Տիարպեքիրի (Տիգրանակերտ) շրջանին մէջ  բախումներ տեղի կ’ունենան թրքական բանակի զինուորական կայաններուն շրջակայքը:
Նախարարութեան տուեալներով՝ Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութեան (PKK) զինեալները յարձակած են թրքական բանակի քանի մը թիրախներու վրայ: Նշուած չէ, թէ ո՞ր կառոյցներուն վրայ յարձակած են, բայց պարզ է, որ Տիարպեքիրի մէջ տեղակայուած են Թուրքիոյ օդուժի հրամանատարութեան 2-րդ, 8-րդ կործանիչ եւ 7-րդ թռիչքային շտապները:
Բախումներու  ընթացքին սպանուած է թրքական բանակի սպայ մը, վիրաւորուած է ապահովութեան  4 ծառայող:
Ըստ որոշ հաղորդագրութիւններու՝ Լիճէ բնակավայրի տարածքին կրակոցները շարունակուած են 9 Յունուարի երեկոյեան ժամերէն:
Ժանդարմերիայի լրացուցիչ ուժեր տեղակայուած են Տիարպեքիրի շրջակայքը:
Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը առ այսօր չէ մեկնաբանած այս տեղեկատուութիւնը: