«Երկիր».- Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան վարչութեան պետ Իսմայիլ Տեմիր 11 Յունուարին յայտարարած է, որ Թուրքիան հանրապետութեան զինուորական օդային ուժերու կարիքներուն համար առայժմ չի նախատեսեր Ռուսիոյ հետ պայմանագրութիւն կնքել Սու-35 կործանիչներ գնելու համար:
«Նախապէս  խօսած ենք Սու-35-երու մասին եւ սերտած նման առաջարկ: Սակայն այսօր մենք  պիտի կեդրոնանանք Hurriyet ազգային ինքնաթիռներու նախագիծին վրայ եւ արագացնենք մեր արտադրութիւններուն ընթացքը: Այնպէս որ՝ այլ բան գնելու հարց չենք քննարկեր», մէջբերած է Anadolu  գործակալութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Անգարան ռուսական Սու-35 կործանիչներ ունենալու կարելիութիւնը սկսած է քննարկել անցեալ տարի, երբ ԱՄՆ ռուսական Ս-400 ՀՕՊ համակարգեր ձեռք բերելուն առիթով դուրս դրաւ Թուրքիան F-35 կործանիչներու ծրագիրէն: