Սուրիական տագնապը թեւակոխեց իր տասերորդ տարին։ Տասը տարի վերջ թէեւ ապահովական իմաստով երկրէն ներս բարելաւում արձանագրուեցաւ, սակայն տնտեսութիւնը շարունակեց իր անկումը, յատկապէս երբ տակաւին պատերազմի ծանր բեռէն չձերբազատած դէմ յանդիման եկաւ ԱՄՆ-ի սահմանած պատժամիջոցներուն, ինչ որ իր բացասական անդրադարձը ունեցաւ առաւելաբար քաղաքացիին կեանքին վրայ, անոր տարրական պահանջներն անգամ ապահովելու բազմակողմանի դժուարութիւններ յառաջացնելով։
Սուրիական լիրային անկումը, որուն կողքին քարիւղի հորերու, ցորենի արտերու մեծ մասին հիւսիսային շրջանի մէջ բռնագրաւուած մնալը երկրի տնտեսութեան փլուզման հիմնական պատճառները հանդիսացան։
Ելեկտրականութեան, վառելանիւթի տագնապը, սղաճը եւ քաղաքացիին եկամուտին անհամեմատ նուազումը պատճառ դարձան կենսամակարդակի նուազումին։ Աւելին՝ քաղաքացին իր տարրական իրաւունքներու ապահովման համար (հաց, վառելանիւթ եւ սննդեղէնի հիմնական կարիքներ) ստիպուած կ’ըլլայ հանդուրժելու փտածութեան անվերջ երեւոյթներու եւ անել կացութեան կը մատնուի։
Կառավարութիւնը մէկէ աւելի օրէնքներով կը փորձէ դիւրացնել հացի, վառելանիւթի ապահովումը, սակայն օրէնքը չյարգող, կացութենէն օգտուող փռապաններ, վաճառականներ թէ պատասխանատու տարրեր կը դժուարացնեն կառավարութեան սահմանած օրէնքներուն անկաշկանդ ու շարունակական կիրարկումը ու քաղաքացին կրկին կը յայտնուի փուռերու դիմաց, երկար շարքերու մէջ, անյոյս ու խեղճացած վիճակի մէջ։
Չեն յարգուիր կառավարութեան սահմանած օրէնքները, որովհետեւ փտածութեամբ քաղաքացիներուն կացութիւնը օգտագործողներ, ներկայ իրավիճակը վերագրելով միայն պատերազմին ու պատիժներուն, ոչ կը պահպանեն կառավարութեան սահմանած տարբեր մթերքներու սակագիները, ոչ կարգը, նոյնիսկ փռապաններ կը խախտեն քաղաքացիին օրինաւոր հացը ապահովելու համար սահմանուած միջոցները, միշտ ապօրինի ելք մը գտնելով իրենց շահը կրկնապատկելու համար։
Փտածութեան սահմանը այսքանով չի սահմանափակուիր, տակաւին երկար է շարքը ապօրինի տուրքեր գանձողներուն, կաշառք վերցնելով օրէնքի խախտում թոյլ տուողներուն, որոնք առկայ դժուարութիւններուն վրայ նոր բարդոյթներ կ’աւելցնեն ու քաղաքացին տնտեսական յուսահատ վիճակի կը հասցնեն։
Պատերազմի դժուարութիւնները մասամբ կը յաղթահարուին, եթէ նահանգներու մէջ հետապնդուի տարբեր ոլորտներու առնչուող օրէնքի պահպանումը, սակագիներու բարձրացումը կառավարութեան հակակշռին ենթակայ ըլլայ եւ առիթ չտրուի կացութիւնը շահագործող վաճառականներու թալանել արդէն իսկ տնտեսական փլուզումի եզրին հասած քաղաքացին։
Այս իմաստով մեր պետական համակարգին նահանգներու տնտեսական կեանքի ու ծառայողական ոլորտի կացութեան թափանցիկ պատկերը փոխանցելու կոչուած երեսփոխաններն ու նահանգային խորհուրդի անդամները կարեւոր ներդրում կրնան բերել քաղաքացիի կենսամակարդակի պահպանման եւ կառավարութեան սահմանած տարբեր օրէնքներու կիրարկման հետեւելով ու առ որ անկ է փոխանցելով յոռի երեւոյթները։
Որքան ալ ծանր ըլլան երկրին ու անոր ժողովուրդին պարտադրուած պատժամիջոցները, պէտք է յիշել, որ Սուրիան ինքնաբաւ երկիր է եւ կրնայ դիմագրաւել նման դժուարութիւններ, եթէ խստիւ հետապնդուին օրէնքներու գործադրումն ու  տագնապի յաղթահարման կառավարութեան սահմանած բոլոր միջոցները։
«Գ.»