Չորեքշաբթի, 6 Յունուար 2021-ի, Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքն ու յատկապէս ժողովուրդի ընտրեալ ներկայացուցիչներուն պալատը բեմ դարձան խուժանային յարձակումներու, որոնց աւելի դաժան տարբերակը պատմութեան անցած է Գերմանիոյ մէջ, երբ Ատոլֆ Հիթլերի պաշտօնավարութեան առաջին օրերուն, հրոյ ճարակ դարձաւ այդ օրերու խորհրդարանը եւ ճամբայ բացաւ նացիներու իշխանութեան ամրապնդման: Բարեբախտաբար ամերիկացի «նացիներու» այս փորձը ձախողութեան մատնուեցաւ:
Տանըլտ Թրամփ յաջողեցաւ նորագոյն գագաթնակէտ մը նուաճել «Ամերիկան փառայեղ դարձնելու» (Make America great again) իր երթին ճամբուն (հաւանաբար սա իր «Կարապի երգը» ըլլայ այս կալուածին մէջ), երբ հրապարակաւ, առանց բառերը ծամծմելու, Սպիտակ տան առջեւ կանգնած ամպիոնէն իր ծայրայեղական հետեւորդները խրախուսեց «քալելու» խորհրդարանի շէնքին վրայ եւ նեցուկ կանգնելու «քաջ հանրապետականներուն», որոնք վերջին ճիգ մը կ’ընէին անվիճելիօրէն կորսուած դատ մը պաշտպանելու համար:
Փաստօրէն, Նոյեմբերի ընտրութիւններէն ասդին, Թրամփ կարելի ու անկարելի ամէն միջոցի դիմեց՝ ինքզինք յաղթական ներկայացնելու համար. անոր բոլոր փորձերը փշրուեցան ամուր պատերու բախելով, եւ ահա, երբ խորհրդարանը օրէնքէն բխած՝ պարզ ձեւականութեան համար քուէներու վերջին հաստատումը կը կատարէր, եւ նոյնինքն փոխ նախագահ Մայք Փենս կը պատրաստուէր հաստատելու Ճօ Պայտընի ընտրուած ըլլալը, նախագահին եւ անոր նոյնքան տխմար փաստաբանին՝ Ճիւլիանիի ու քանի մը «համաուղեղ» հանրապետականներու խրախուսանքով, բազմահազար խուլիկաններ խուժեցին խորհրդարանի շէնքէն ներս, խափանարարութեան խայտաբղէտ ցուցադրութիւն մը կատարեցին, քանի մը ժամ ահաբեկումի մատնեցին ոստիկաններ, խորհրդարանականներ, պաշօնեաներ, տակն ու վրայ ըրին գրասենեակներ: Արդեօք ամերիկացիք ինչպիսի՜ հպարտանքով դիտեցին դէպքերուն լուսանկարներն ու ժապաւէնները…
Ինքզինք ժողովրդավարութեան եւ ազատութիւններու դրօշակիր հռչակած Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ մութ ու ամօթալի օր մը, որուն արձագանգները, միաձայն դատապարտանքներով, տարածուեցան աշխարհով մէկ: Մինչեւ իսկ Թրամփի սիրելիներէն… Նեթանիահու (ինք ալ ոճրագործ աւազակ մը) դատապարտեց եղածը:
* * *
Ահա թէ ի՛նչ կ’ըլլայ, երբ պարտեալ մը կը շարունակէ կառչած մնալ աթոռին: «Նարնջագոյն մարդը», Սպիտակ տուն հասնելէ առաջ իսկ, բացած էր ժողովուրդին երկփեղկումը խորացնելու մրցավազքը, որ յաջորդ 4 տարիներուն «զարդարուեցաւ» սուտերու, ցեղապաշտական արտայայտութիւններու, բռնամիջոցներու խրախուսանքի եւ ասելի ու անասելի «սխրագործութիւններու», նաեւ՝ աշխարհի մօտակայ ու հեռաւոր երկիրներու հետ հակադրութեանց ու թշնամանքի ալիքներով:
Հարցը հասաւ հոն, որ անոր գործակիցները հանգրուան առ հանգրուան հեռացան իրմէ, եւ ահա, վերջին օրերուն, քանի մը նախարար եւ բարձրաստիճան պաշտօնատար եւս կը լքեն անուղեղ արարածը, որ 7 Յունուարին, ի վերջոյ լուռ կերպով ընդունեց պարտութիւնը եւ հաստատեց, որ իշխանութիւնը պիտի փոխանցէ ընտրեալին: (Առայժմ մոռցուած են անվիճելի յանցապարտներու ներում շնորհելու նախագահին որոշումները):
Բնականաբար հարց կը մնայ, թէ թրամփասէրներն ու անոր ի նպաստ քուէարկողները կը տեսնե՞ն այս բոլորը, տակաւին նման արարքներ արդարացնող խելամիտներ կա՞ն, թէ մտային կուրութիւնը պիտի շարունակէ զանոնք գերի պահել…
* * *
6 Յունուարի դէպքերը անհետեւանք չմնացին: Նիւթական եւ բարոյական կորուստներէ անդին, ինկան զոհեր եւ վիրաւորներ, իսկ մեծագոյն զոհն ու վիրաւորը՝ նոյնինքն ժողովրդավարութիւնն ու ազատ խօսքն էին, որոնց անունով կատարուեցան խժդժութիւնները:
Եւ իրաւունք ունին բոլոր անոնք, որոնք այսօր կ’ափսոսան, թէ Թրամփ պաշտօնազրկումի չենթարկուեցաւ տարի մը առաջ: Իրաւունք ունին բոլոր անոնք, որոնք, այս դէպքերուն ի տես՝ կը պահանջեն անոր անյապաղ պաշտօնազրկումը, հոգ չէ թէ անոր պաշտօնավարութեան օրերը համրուած են:
Եթէ նախագահ մը օր ցերեկով, զինք աշխարհին կապող ոսպնեակներուն առջեւ կ’ոտնակոխէ ամէն օրէնք ու սահմանադրական տրամադրութիւն, այդ ո՞ր օրէնքն ու սահմանադրութիւնն են, որ կ’ապահովեն անոր անձեռնմխելիութիւնը: Ինչո՞ւ անմիջապէս զայն չզրկել այդ իրաւունքէն, արագ դատավարութեան ենթարկել լեռնացած փաստերէն բխած ամբաստանագիրներով եւ ուղղակի բանտ չառաջնորդել «նարինջ»ը, գոնէ մասամբ սրբագրելով անարդարանալին:
Ահա՛ թէ ինչպէս կարելի է պատմութիւն կերտել, պատմութեան երթը վերադարձնել քիչ թէ շատ բնական ընթացքի:
Յետոյ: Ինչո՞ւ բաւականանալ միայն նախագահով, որովհետեւ անոր մեղսակից են Ճիւլիանիները, հանրապետական անմիտներու ամբողջ բանակ մը, որ մինչեւ 6 Յունուար, ոգի ի բռին կը պնդէին, թէ Թրամփն է Նոյեմբերի ընտրութիւններուն յաղթականը, մինչդեռ բոլոր փաստերը ցոյց տուին հակառակը: (Միջանկեալ նշենք նաեւ, որ թրամփական «վարդապետութիւնը» որքա՜ն սուղ արժեց Հանրապետական կուսակցութեան. նորագոյն փաստը արձանագրուեցաւ Ճիորճիա նահանգին մէջ, ուր նախագահին անհիմն ու ապօրինի միջամտութիւնները, ըստ մեկնաբանութեանց գերակշիռ մասին՝ ուղղակի ազդեցութիւն ունեցան ծերակուտականներու վերջին ընտրութիւններուն վրայ. կարելի չէ կասկածիլ, թէ նահանգապետարանին վրայ ճնշումները եւ 2 օրէ ի վեր նախկին դարձած ծերակուտականներուն ի նպաստ Թրամփի քարոզարշաւները կարեւոր բաժին ունեցած են, որ դեմոկրատները վերջնականապէս ապահովեն նա՛եւ Ծերակոյտի աթոռներուն մեծամասնութիւնը): Ինչո՞ւ մեղմ վերաբերմունք ցուցաբերել եւ անձեռնմխելիութեան պատմուճանով պաշտպանել բոլոր անոնք՝ որոնք անսքող, աղաղակող կերպով կ’ոտնակոխեն ամէն արժէք, կը փորձեն անտառի օրէնքը տարածել… պատերազմի դաշտի վերածուած գօտիներէն անդին, կը փորձեն պաշտպան կանգնիլ անբարունակ պարտութիւն կրողին, Ուաշինկթընի մէջ թէ այլուր…:
Եւ որքա՜ն ճիշդ են այն մեկնաբանները, թէ վաղը՝ յառաջիկայ ընտրութիւններուն, ժողովուրդը իր քուէով հաշիւ պիտի պահանջէ բոլոր այն ներկայացուցիչներէն եւ ծերակուտականներէն, որոնք կը շարունակեն պաշտպանել պարտեալ եւ վնասարար Թրամփը, իսկ ընտրութիւններու հանգրուանէն շատ առաջ, այսօրուընէ սկսեալ, դատարաններն ու ոստիկանութիւնը (որ, ի դէպ, ուժական այլ մեքենաներու հետ դանդաղկոտ կրաւորականութիւն ցուցաբերեց խորհրդարանի շէնքը գրաւողներուն նկատմամբ, մինչդեռ սեւամորթներու դատին պաշտպանութեան օրերուն, ամիսներ առաջ, աննախանձելի ժրաջանութեամբ յարձակումներ կը գործէր խաղաղ ցուցարարներու վրայ) ահագին գործ պիտի ունենան՝ Չորեքշաբթիի յանցապարտները հետապնդելու համար:
…Իսկ եթէ այս բոլորին մէջ անպայման ծիծաղելիութեան գիծեր կ’ուզէք փնտռել, կրնաք հատորներ լեցնել, սկսելով այն կէտէն, որ ոստիկանները միայն 26 խուլիկան ձերբակալած են խուժանական արարքներու մասնակիցներէն: Յուսանք ցանկը երկարի ու հասնի բարձրագոյն օղակներուն:
* * *
Այս մութ էջը լուսաւորուելու ի՞նչ յոյսեր ունի 20 Յունուարէն ետք: Պայտըն եւ իր վարչամեքենան պիտի յաջողի՞ն վերականգնել ինչ որ քանդուեցաւ Թրամփի օրով (չենք մոռնար նախապէս քանդուածներն ալ), Ուաշինկթընի ներքին ու արտաքին քաղաքական ընթացքին մէջ բարեշրջում բերել:
Մեծագոյն հարցականներ կախուած են, անկասկած, 20 Յունուարին բացուելիք փուլին վերեւ: Ատիկա մետալին միւս երեսն է: Սակայն եթէ յիշողութիւնները չեն բթացած, կարելի չէ մեծ յոյսեր ունենալ: Չէ՞ որ Օպամա եւս, իր պաշտօնավարութեան առաջին շրջանին, ունէր խորհրդարանի երկու տուներուն մեծամասնութեան յենարանը: Հետեւաբար, բաւարար չէ ըսել, թէ Պայտըն չի կրնար Թրամփէն աւելի վատ ըլլալ…
Սարգիս Մահսերէճեան