Կու գամ այն եզրակացութեան, որ Վարչապետ Փաշինեանի Յունուար 4, 2021 թուակիր երկարաշունչ յօդուածը, որ կը փորձէ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմանի յայտարարութեան համար հիմնաւորում փնտռել Արցախեան  դիւանագիտութեան անցեալի փուլերուն մէջ, ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ հանրութեան ուշադրութիւնը շեղելու ձգտող կանխամտածուած մէկ քայլ իշխանաւորի մը կողմէ, որ ունի հանրութեան տեսողութենէն հեռու՝ իր յստակ օրակարգը եւ կը յամառի իր ձեռքերուն մէջ պահել իշխանութիւնը եւ իր ամէնօրեայ տարածքային զիջումներով (անսալով թշնամիի պահանջներուն) աւելի եւս խորացնել եւ մշտնջենաւորել մեր պետականութեան պարտադրուած այս պարտութիւնը։
Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել ներկայի տեղեկութեան սովը քուլիսներու ետին գաղտագողի պատրաստուող համաձայնութեան բնագրերու մասին, որոնց բովանդակութեան լիովին քաջատեղեակ կը թուի ըլլալ թշնամին ի տարբերութիւն ՀՀ քաղաքացիին եւ առհասարակ հայ ազգի զաւակներուն։
Վիճելի եւ ապակողմնորոշող բազմաթիւ երեսներ ունին Վարչապետի թուղթին թէզերը, որոնց էութիւնը պէտք է անպայման բացայայտել։ Եւ սակայն այդ բոլորը՝ միայն ա՛յն բանէն ետք, երբ Վարչապետը կտրականապէս վերջ կը դնէ իր եւ իր կառավարութեան արուեստականօրէն երկարաձգուող իշխանութեան եւ ինքզինք կը յանձնէ հանրութեան եւ պատմութեան դատաստանին։ Այս է, որ կը թելադրէ հայ անկախ պետականութեան գոյատեւման վերին հրամայականը այսօր։ Մի՛ փորձէք մեզ բռնել այս ապայժմէ վիճաբանութիւններուն մէջ, երբ նոր ճգնաժամ մըն է, որ կը պատրաստուի Մոսկուա ձեր այցելութեամբ եւ որուն մասին դուք որոշած էք լռել։
Տարրական իմաստութիւն է, որ պարտութեան բովէն անցած իշխանութիւնը պէտք է դադրի իր գոյութեամբ խոչընդոտելէ պետականութեան առողջ գործընթացը երկրին մէջ։ Հայ անկախ պետականութիւնը պէտք է դադրի ըլլալէ քաւութեան նոխազը վարչապետի սպառած իշխանութեան եւ այս վերջինով խորհրդանշուող բարոյալքիչ պարտութեան։ Ընդունիք կամ ոչ ՝ դուք ամէն օր կը գործէք պարտութեան դիրքերէ՝  դիմագրաւելով թուրքեւատրպէյճանական դիւանագիտական գրոհը եւ, անշուշտ՝ բազմադիմի քաղաքականութիւնը Ռուսաստանի՛, որ այսօր այլեւս չունի տոկուն եւ ինքնավստահ եւ փորձառու խօսակից մը, որ խօսի ՀՀ գործադիր իշխանութեան ինքնիշխան դիրքերէն։ Այս մեծ բացն է, որ ներկայ իշխանութիւնը իր շարունակուող գոյութեամբ կը պարտադրէ հայոց հայրենիքին։ Եւ այնպիսի ժամանա՛կ՝ երբ Հայաստան պէտք է կարողանայ յաջողութեամբ դիմակայել մոսկովեան մարտահրաւէրի բոլոր բարդ բաղադրիչներուն։
Ամէն քաղաքական ուժ, որ կը գործէ ՀՀ Սահմանադրութեան տանիքին տակ, իր դերը ունի հայ անկախ պետականութեան յղացքին մէջ։ Բայց մանաւանդ՝ ամէն քաղաքական ուժ ունի իր պիտանիութեան ժամանա՛կը մեր երկրի ազգային գերագոյն շահի կշիռներով չափուած, որմէ անդին անոր գոյութիւնը անընդունելի բեռ է ազգին եւ հայրենիքին վզին։ Իսկ ներկայ պարագային՝ հսկայ ռի՛սկ մը մեր պետականութեան հաշւոյն։ Հետեւաբար ամէն քաղաքական ուժ լռելեայն պարտաւորուած է պիտանիութեան կենսական սահմանը բծախնդրօրէն յարգելու։ Ասոնք Սահմանադրութեան չգրուած տողերն են, որոնք պէտք է գրուին օրը-օրին իմաստուն ղեկավարներու քրտինքով։ Կը կրկնենք անգամ մը եւս։ Այսօր, իշխանութեան ղեկը վերստին հանրութեան յանձնելո՛վ է միայն, որ ներկայ իշխանութիւնը կը մտնէ իր պատմական դերին մէջ։
Խորհրդարանական մենատիրութեան ներկայ պայմաններուն մէջ, ՀՀ հանրութեան մէկ մեծ շերտը (որպէս քաղաքական ընդդիմութիւն) իր արդար պահանջներուն համար լուծում կը փնտռէ ապաւինելով քաղաքացիական անհնազանդութեան զէնքերուն եւ պահանջելով ձեր հրաժարականը։ Մի ստիպէք, որ ան սկսի չհաւատալ նոյնիսկ այդ զէնքերուն եւ մի հրէք պետական գործընթացը դէպի քաղաքական քաոս։
Դուք շատ լաւ գիտէք, թէ վերջին խօսքը կը պատկանի հանրութեան, իսկ այս վերջինը – ձեր իսկ քաղաքականութեան որպէս հետեւանք-արագօրէն կը դիմէ դէպի բեւեռացում կամ դէպի հաւաքական փախուստ քաղաքականութեան բեմէն։ Երկու հակոտնեայ իրականութիւննե՛ր՝ որոնց էական պատգամը սակայն մէկ է մեր պետութեան եւ մեր ապագային համար։ Մեր երկրի քաղաքական բեմը պէտք է դուրս գայ իր ներկայ հոգեբանական փակուղիէն եւ այդ փակուղին ստեղծողը եւ ամրապնդողը երկրի պարտութեան պատասխանատու իշխանութիւններն են յանձինս ձեզի եւ ձեր կառավարութեան։ Մի՛ փորձուիք ժողովուրդի բարոյալքուած շերտերու կրաւորականութեան վրայ կառուցելու ձեր խախուտ իշխանութիւնը։ Խախուտ իշխանութենէն պէտք է օր-առաջ ձերբազատուիլ։ Ան կորստական է եւ ոչինչ կրնայ խոստանալ։ Ան կը պատուհասէ ձեզ եւ մեր երկիրը հաւասարապէս թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին սպառնալիքներուն դիմաց։
Այժմ կը խօսուի ձեր Մոսկուա այցելութեան մասին եւ դժբախտաբար քաոսային մթնոլորտի մէջ եւ զուրկ՝ ճշգրիտ տեղեկութեանց սնունդէն։ Կը թուի, թէ պիտի նստիք Իլհամ Ալիեւի հետ յետ-պատերազմեան հաշուեյարդարի։ Բոլոր տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, որ Ալիեւ ճամբայ կþելլէ թուրքեւատրպէյճանական ծաւալապաշտ ակնկալութիւններու նոր փաթեթ մը թեւին տակ։ Կը խօսուի Հայաստանին եւ Արցախին պարտադրուած պարտութիւնն ու տարածքային կողոպուտը պաշտօնականացնող դաշնագրի մը մասին։ Նմա՛նը՝ Կարսի ապօրինի պայմանագրին…
Ի չգոյէ դրականօրէն հաւաստիացնող մանրամասնութեանց՝ մենք ստիպուած ենք ակնկալել յոռեգոյնը եւ մեր խօսքը ուղղել ձեզի այդ իսկ մեկնակէտէն։
Եթէ նուազագոյն հաւանականութեամբ իսկ ճիշդ են այս կանխատեսութիւնները, դուք պէտք է մերժէք երթալ Մոսկուա։ ԴՈՒՔ ՊԷՏՔ Է ՊԱՀԱՆՋԷՔ ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ՎԵՐԱՆԱՅՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՄԲՈՂՋ ՓԱԹԵԹ ՄԸ ՈՐՊԷՍ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆ ՁԵՐ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ։ Վերանայումնե՛ր՝ որոնք ետ կը շրջեն ծուռ դարձած անիւը։ Վերանայումնե՛ր՝ որոնք դուրս կը շպրտեն նախկին բոլշեւիկեան սահմանագծերով գործ տեսնելու մոլորութիւնը։ Վերանայումնե՛ր՝ որոնք դուրս կը բերեն թշնամի ուժերը Շուշիէն, Հադրութէն, Բերձոր-Լաչինէն, Քարվաճառէն եւ այլ զգայուն կէտերէ եւ զանոնք ժամանակաւորապէս կը յանձնեն ՌԴ խաղաղապահ ուժերու իրաւասութեան մինչեւ որ օրինաւոր բանակցութիւններով ճշտուի փոխադարձ անվտանգութեան տրամաբանական եւ արժանապատիւ ելքը պատերազմող կողմերու միջեւ։ Նաեւ վերանայումնե՛ր՝ որոնք միանգամընդմիշտ դուրս կը բերեն թշնամի ուժերը Սիւնիքի սահմաններէն եւ Սիւնիքը ամբողջութեամբ կը վերականգնի որպէս անվիճելի եւ անքակտելի մասը մեր հայրենիքին։ ԿԸ ԿՐԿՆԵՆՔ. ԱՅՍ ԲՈԼՈՐԸ՝ ՈՐՊԷՍ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆ ՁԵՐ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ։
Թերեւս ըսուի, որ այս պահանջները շատ ծանր են եւ անիրագործելի՝ ներկայ օրերու դիւանագիտական միջավայրին համար։ Եթէ այդպիսին է օրուան գնահատականը (եւ հաւանաբար է), հետեւաբար ոչինչ կայ դրականօրէն իրագործելի ձեր Մոսկուա ճամբորդութեան մէջ բացի մեր ժողովուրդի կոկորդն ի վար հրուելիք նորանոր զիջումներէ եւ պարտութիւններէ։
Իսկ եթէ դուք ի վիճակի չէք պահանջուած հաստատակամութեամբ դիրքորոշուելու հայ անկախ պետականութեան այս կենսական չափանիշներուն վրայ, դուք առհասարակ պիտի հրաժարիք որեւէ նոր քայլ առնելէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան հաշւոյն։ Որ ինքնաբերաբար կը նշանակէ, որ ձեր կառավարութիւնը լիովին սպառած է իր քաղաքական դրամագլուխը եւ զուրկ է կառավարման համար անհրաժեշտ քաղաքական կամքի կենսական պաշարներէն։ Բա՛ն մը՝ որ մեր եզրակացութիւնն էր այն իսկ օրէն, որ դուք գաղտնաբար ստորագրեցիք պարտութեան այդ անասելի թուղթը։
Եզրափակելէ առաջ, քանի մը խօ՛սք՝ նաեւ Ռուսաստանի մասին։
Այսօրուան մեր մեծագոյն մարտահրաւէրը Ռուսաստանն է եւ իր տարածաշրջանային քաղաքականութի՛ւնը՝ որ շարունակաբար լինելութեան մէջ է եւ՝ դժուա՛ր գուշակելի։ Ռուսաստան ոչ մեր բարեկամն է եւ ո՛չ՝ մեր թշնամին։ Ձգուած իր վիճակին՝ ան ունի բոլոր յատկութիւնները թէ՛ մէկը եւ թէ՛ միւսը ըլլալու եւ յաճախ՝ երկուքը միաժամանա՛կ։ Այս վերջինին ցայտուն օրինակն էր Նոյեմբեր 9-ի Յայտարարութիւնը, ուր Փութինեան դիւանագիտութեան «բարի»ն եւ «չար»ը մեզի «հրամցուեցան» ռուսական նոյն թանձր աղցանով, որ ցարդ անմարսողութիւն կը պատճառէ ամէն մէկ հայու։ Որմէ կը հետեւի, որ կարելի չէ Ռուսաստանի պէս մեծապետական ուժը թողուլ առանց համապատասխան ՀՀ դիւանագիտութեան։ Շեշտը յատկապէս դնելով «համապատասխան» բառին վրայ։
Այսօր, մեր թշնամիներն են Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, որոնց բնական դաշնակիցներն են Իսրայէլն ու Վրաստանը եւ որոնք, իրենց կարգին, կը խանգարեն Ռուսաստան-Հայաստան-Իրան Հիւսիս-Հարաւ Առանցքի բնականոն կենսագործունէութիւնը։ Հարցո՛ւմ. նկատի ունենալով այս բարդ աղիւսակը՝ որո՞ւն բարեկամն է արդեօք եւ որո՞ւն թշնամին՝ մեր ռազմավարական գործընկեր Ռուսաստանը այսօր…։ ինչո՞ւ։ Եւ ի՞նչ դրդապատճառներէ սնուելով։ Եւ ի՞նչ ռազմավարական ստորոգելիներ ընդգրկելով իր բարդ հաւասարութեան մէջ։
Այս է մեր հարեւանութեան մերկ պատկերը ներկայիս, որ Հայաստանի կողմէ կը պահանջէ նոր եւ թափանցող տեսողութիւն եւ անհամեմատօրէն աւելի մեծ իրազեկութիւն տարածաշրջանային եւ համաշխարհային իրականութեան։ Կը պահանջէ բազմամակարդակ եւ խորքային ռազմավարութիւն՝  ընդհանուր հաշուարկին մէջ ընդգրկելով բոլոր վերոյիշեալներու բոլոր «ներքին գործարանները» եւ եւս առաւե՛լն։ Նաեւ կը պահանջէ հայ քաղաքական ղեկավարութեան աննախընթաց զօրաշարժը ճկունութեան եւ խիզախութեան համախառն ուժականութիւններով։ Կը պահանջէ յաղթանակող ուժի ինքնագիտակցութիւն եւ տեսիլք։
Պայման է, որ Հայաստանը բացառիկ հանճարով անցընէ մոսկովեան իր փորձաքննութիւնը, որպէսզի կարողանայ (Խրիմեան Հայրիկէն սերտած իր դասերով) համարձակօրէն տեղ գրաւել տարածաշրջանային հարիսայի սեղանին շուրջ։
Եւ այդ տեղը կարելի չէ «գնել» թշնամիին հող զիջելու վատառողջ քաղաքականութեամբ։
Կարօ Արմէնեան