ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հրապարակեց վերջին տասնամեակի (2010-2020) իր ազգանուէր գործունէութեան գլխաւոր իրագործումները համադրող տեղեկագիր մը, որուն մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնուին Հայաստանին եւ Արցախին զօրակցելու, համայնքը քաղաքականապէս առաւել աշխուժ դարձնելու եւ Հայկական Հարցը ջատագովելու համար տարուած աշխատանքները։

«Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի վարչութիւնները, անձնակազմերը, գործիչները եւ համակիրները նուիրեալ աշխատանք կը տանին՝ դէմ դնելով ամէն տեսակի մարտահրաւէրներու, Հայկական Հարցը լուսարձակի տակ պահելու նպատակով», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։

36 էջնոց տեղեկագիրը կարդալու համար այցելել https://ancawr.org/about/annual-reports/ կայքէջը։