«Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէն Մշտական խորհուրդին ներկայացուած առաջնահերթութիւններու շարքին  դասած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը:

«Տարածաշրջանայի հակամարտութիւններու կարգաւորումը կը մնայ մեր գլխաւոր առաջնահերթութիւնը», ըսած է Լինտէն` յայտնելով Լեռնային Ղարաբաղի, Ուքրանիոյ, Մոլտովայի, Վրաստանի, Պելառուսի շուրջ առկայ ճգնաժամները: