«Գանձասար»ի այս սիւնակը կը միտի իրազեկ դարձնել հասարակութիւնը զինք հետաքրքրող սուրիական օրէնքներուն։ Առ այդ, պատրաստակամ ենք ընդունելու օրէնքներու վերաբերող ձեր լուսաբանական հարցումները եւ թերթին ճամբով պատասխանելու անոնց։
Ձեր հարցումները կրնաք ուղարկել հետեւեալ ելեկտրոնային հասցէին (E-mail) mariavaroujankaprielian@hotmail.com։
Մեր իրաւունքները պաշտպանուած են օրէնքներով՝ իմանանք եւ պաշտպանուինք։
«Գանձասար»
Սիրելի՛ ընթերցող՝
Նախ ներողամտութիւն կը խնդրեմ երկար ժամանակէ ի վեր ձեզմէ ստացած լուսաբանական հարցումներուն, ժամանակի սղութեան պատճառով, պատասխանել չկարենալուս համար: Պիտի ջանամ յառաջիկային աւելի մօտ հերթականութեամբ իրաւաբանական այս սիւնակը պատրաստել:
Այս թիւով միայն պիտի պատասխանեմ ձեզմէ ստացած նամակներուն:
Շ.Ս.-ը կը հարցնէր, որ կալուածի մը վրայ իր կողմէ դրուած դատական նշանը կրնա՞յ նշեալ կալուածէն իր ունեցած իրաւունքը պաշտպանել:
Այո՛, դատական նշանները ճիշդ այդ նպատակով կը տեղադրուին, որպէսզի կալուածատէրը չվերաբերի ինչքին հետ (վաճարել, վարձու տալ, երաշխիքով տալ, եւ այլն) իր ցանկութեան համաձայն, երբ այդ ինչքը այլոց իրաւունքներ կը վերապահէ (ժառանգի կամ այլ իրաւունքներով): Հետեւաբար ճիշդ աշխատած կ’ըլլա՛ս եթէ այդ նշանը դնես:
Խ.Գ.-ը կը հարցնէր, որ դեռահաս զաւկին խնամատարութիւնը կրնա՞յ կորսնցնել երկրէն դուրս ճամբորդելու պատճառով:
Այո՛, սակայն եթէ երեխային հայրը համաձայն գտնուի, որ զաւակը մօրը հետ երկրէն դուրս ճամբորդէ, այս պարագային ան շրջան մը ետք չի կրնար պատճառաբանել զաւկին երկրէն դուրս գտնուիլը՝ խնամատարութիւնը վերստանձնելու համար: Պէտք է իմանալ սակայն, որ այս պարագային արժեւորումը կը մնայ դատաւորի հայեցողութեան, որ նկատի կ’ունենա՛յ ճամբորդութեան վայրը, մօրը վիճակը եւ ամենակարեւորը՝ դեռահասին շահերը:
Ս.Պ.-ը մտադիր է կալուածի մը սեփականութիւնը ստանալու համար դատ յարուցանել, սակայն փաստեր չունի, որ ինք այդ կալուածը գնած է, որովհետեւ օրին կալուածի առուծախը եղած է առանց պայմանագրութեան եւ ելեւմտային կամ կալուածային կեդրոններու մէջ համապատասխան գործառոյթները չեն կատարուած: Վաճառողը թէեւ չուրանա՛ր որ կալուածը ծախած է, սակայն ան երկրէն գաղթած է, հետեւաբար կալուածը կը մնայ անոր անունով: Արդ, կը հարցնէ, որ միջոց կա՞յ իր հայցը հաստատելու:
Այո՛, միջոց կայ: Եթէ վաճառողին եւ ձեր միջեւ մինչեւ երրորդ աստիճանի ազգականութիւն կայ, պայմանագրութեան կարիք չկայ, այլ միայն երկու վկաներու կը կարօտի նման դատ փաստելը:
Իսկ եթէ ազգականութիւն չկայ, այդ պարագային կրնաս հաղորդակցական որեւէ միջոցով (e.mail, whatsapp, viber…) անոր պայմանագրութիւնը ղրկել եւ ան իր մատնահետքը անոր վրայ դնելէ ետք ձեռամբ կամ փոխադրակական միջոցներով կը վերադարձնէ քեզի եւ այդ արդէն բաւարար փաստ կը համարուի:
Ն.Մ.-ը կը հարցնէ, որ դատական վճիռները չգործադրուելու պարագային, ժամանակի ընթացքին կրնա՞ն կորսնցնել իրենց գործադրման ուժը:
Բացարձակապէ՛ս: Դատական վճիռներու գործադրման ուժը վերջնական է, դատական կողմերը (դատահայցը կամ պաշտպանեալը) երբ որ ուզեն կրնան գործադրութեան դնել այդ վճիռը:
Գ.Ա.ը կը հարցնէ, որ լիազօրագիր տալը, բացի դեռահասութեան պարագայէն, տարիքային այլ պայման ունի՞:
Դեռահասը չի կրնար լիազօրագիր տալ, իսկ հասուն մարդուն համար տարիքային պայման չկայ, սակայն լիազօրողը տարեց ըլլալու պարագային՝ նօտարը տարբեր միջոցներով կը ստուգէ անոր արթնութիւնը, մտային կարողութեան վիճակը եւ միայն հաստատելէ ետք է, որ այս շրջագիծէն ներս խնդիրներ չի դիմագրաւեր եւ իր ազատ կամքի դրսեւորումով կը շնորհէ այդ լիազօրութիւնը, կը վաւերացնէ լիազօրագիրը:
Իրաւունքը պաշտպանենք եւ օրէնքով պաշտպանուինք:
Փաստաբան
Մարիա Գաբրիէլեան