«Երկիր».-14 Յունուարին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան Պելառուսի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ալեքսանդր Կոնիւքը:

Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ ՀՀ  Պելառուսի դեսպանութեան խորհրդական Վեաչեսլաւ Լիսուխան եւ պաշտպանական հարցերու կցորդ, գնդապետ Եւկենի Արտեօմենքօն:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը շնորհաւորած է դեսպանը Հայաստանի մէջ առաքելութիւնը ստանձնելուն առիթով եւ մաղթած է նորանոր յաջողութիւններ:

Հանդիպումի ընթացքին կարծիքներ  փոխանակուած են միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերու շուրջ:

Քննարկուած են պաշտպանական ոլորտի հայ-պելառուսական գործակցութեան հարցեր, փոխգործակցութեան հետագայ զարգացման ուղիները, ինչպէս նաեւ բազմակողմ ձեւաչափերով ծրագրուած նախաձեռնութիւնները:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը վստահութիւն  յայտնած է, որ նորանշանակ դեսպանին աշխուժ եւ արդիւնաւէտ աշխատանքին շնորհիւ հայ-պելառուսական միջպետական յարաբերութիւններն ու քաղաքական երկխօսութիւնը աւելի կ’ամրապնդուին ու կը ստանան նոր որակ: