Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը նախաձեռնած է մարզային այցելութիւններու: Շարժումի ներկայացուցիչները 15 Յունուարին այցելած են Կիւմրի:
Կիւմրիի «Արագած» մարզամշակութային կեդրոնի դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպումը:
Հանդիպումի ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին Վազգէն Մանուկեանն ու Իշխան Սաղաթէլեանը:
Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան յայտնեց, որ հանդիպումին նպատակն է քննարկել, թէ երկիրը ի՛նչ վիճակի մէջ է եւ միասին մտածել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է երկիրը դուրս բերել այդ վիճակէն:
«4,500 հազար զոհ, 10-15 հազար վիրաւոր, Արցախի տարածքին մեծ մասը կորսուած, Հայաստանը սեղմուած է, սահմանները անընդհատ յառաջ կու գան, արհամարհանք բոլորին կողմէն հայերուն նկատմամբ, ներքին տագնապ, ներքին անբաւարարուածութիւն, կորուստներ նաեւ նիւթական: Կորսնցուցած ենք 100 հազար հեքթար վարելագող, 315 հազար խոտհարք, 15 խոշոր հանքեր, միլիառ տոլարի զէնք, ինքնավստահութիւն”:
Ան նաեւ յայտնեց` ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփովը իր վերջին հարցազրոյցին ըսաւ , որ երբ 2018-ին իշխանութիւնը ՀՀ-ի մէջ փոխուեցաւ, սեղանին դրուած էր հետեւեալ փաստաթուղթը. «Մենք կը վերադարձնենք 5 տարածքները, Արցախը առայժմ չի ճանչցուիր, բայց Արցախը, Լաչինն ու Քելբաջարը կը մնան նոյն վիճակին մէջ, կը բացուին բոլոր ճամբաները, եւ անորոշ տարիներէն վերջ քուէարկութեան միջոցով, հանրաքուէով որոշուած է Արցախի կարգավիճակը` պիտի ըլլայ անկա՞խ, թէ կ’որոշէ մտնել Ատրպէյճանի կազմի մէջ. այդ ամէնէն վերջ նոր քննարկուած է Լաչինի ու Քելբաջարի հարցը: Տակաւին պատերազմի ժամանակ մտածած են, որ այդ տարածքները պիտի տանք Արցախի անկախութեան ճանաչումին դիմաց:
Վազգէն Մանուկեանին խօսքին համաձայն, այս 2,5 տարիներու ընթացքին առաջին օրուընէ սկսաւ բանակի վարկաբեկում, այս կամ այն գեներալի դէմ քրէական գործ յարուցել.
Վազգէն Մանուկեան յայտարարեց, որ Նիկոլը յիմար է, իսկ յիմար մարդը երկիր ղեկավարել չի կրնար. “Երկրորդ, ինքը պետական մտածողութիւն չունի: Երրորդ, ինքը դաւաճան է: Ընտրեցէք, ինչ որ կ’ուզէք”:
Ան ընդգծեց, որ եթէ պատերազմը ժամանակին կենար, քանի մըհազար զոհ չէինք ունենար եւ տարածքներու զգալի մէկ մասը մեր ձեռքը կը մնար։
Ան ըսաւ, որ պէտք է վերցնեն եւ քննարկեն եռակողմ յայտարարութիւնը եւ պահանջեն, որ առաջին կէտը կատարուի` Քուպաթլուի եւ Զանգելանի մօտ զօրքերը ուր որ կանգնած էին, կը մնան, ոչ թէ Սիւնիքի դէմ կանգնին:
Ապա 8-րդ կէտը` գերիներու վերադարձի մասին, ըստ անոր, պարտադիր պիտի կատարուի:
Յաջորդ ընելիքը Արցախի հարցը կրկին մտցնելն է ԵԱՀԿ ՄԽ հովանիին ներքեւ բանակցութիւններու օրակարգ:
Ան դիտել տուաւ , որ Ռուսիան ձեռնտու է, որ մենք հիմա ոտքի կանգնինք, բայց ոչ Նիկոլի միջոցով․ անոր հանդէպ արհամարհանք կայ` վստահեցուց Մանուկեան:
Անվտանգութեան հետ միասին, անոր խօսքով, պէտք է ներքին անվտանգութիւն ապահովենք:
Հանդիպումին ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որ շեշտեց, թէ դաւաճան իշխանութիւնը հեռացնելը պէտք է ըլլայ համահայկական պահանջ, որովհետեւ անիկա անկարող է պաշտպանել պետութեան շահերը, այլ իշխանութեան ներկայացուցիչները կառչած են իրենց աթոռներուն եւ երկիրը կը տանին դէպի կործանում:
«Այսօր Հայատանկ մէջ կայ իշխանութիւն, որ ի վիճակի չէ պաշտպանել պետութեան շահերը, իշխանութեան ներկայացուցիչները կառչած են աթոռներու եւ չեն ձգեր, պետութիւնը հետեւողականօրէն կործանում կը տանին”։
Ան ըսաւ,որ “Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի” մարզային հանդիպումների նպատակն է, որ անմիջական շփումների միջոցով մարզային բանկչութեան ներկայացնեն իրենց ծրագիրները, յառաջիկայ ընելիքները եւ այսօրուան այս դաւաճան իշխանութեան վայրկեան առաջ հեռացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Ան պատահական չհամարեց, որ, 9 Նոյեմբերէն սկսեալ, ստեղծուեցաւ Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը․ “Որովհետեւ իրենցը ոչ թէ իշխանութեան համար մղուող պայքար է, այլ հայրենիքը փրկելու պայքար, եւ առաջին քայլը այսօրուան դաւաճան իշխանութեան` ժամ առաջ հեռանալն է:
Ան ըսաւ, որ անկախ բոլոր սադրանքներէ` պէտք է համախմբուիլ, առաջ երթալ՝ յանուն հայրենիքի փրկութեան:
Մենք ունինք Նիկոլ Փաշինեանին հեռացնելու 4 ճամբայ”,յայտարարեց ՀՅԴ ԳՄ անդամ Իշխան Սաղաթէլեան:
“Առաջինը, եթէ ան հասկնար, ինքնասիրութիւն, պատասխանատուութիւն ունենար, մտածէր մեր պետութեան մասին, պէտք է հրաժարական տար:
Երկրորդը, եթէ Ազգային ժողովին “Իմ Քայլը” խմբակցութիւնը հասկնայ կրկին, որ պաշտպանելով Նիկոլ Փաշինեանին` մաս կազմած է այս դաւաճանութեան, հրաւիրէ Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստ եւ պաշտօնանկութիւն ընէ:
Երրորդը, գիտէք` մենք արդէն դատախազութեան տուած ենք կը հաղորդենք եւ կը պահանջենք, որպէսզի պետական դաւաճանութեան յօդուածով մեղադրանք առաջադրուի եւ ձերբակալուի Նիկոլ Փաշինեան:
Եւ չորրորդ տարբերակը կայ, եթէ կառավարութեան 2/3-ը` 10 նախարար հանդէս գայ նախաձեռնութեամբ”, յայտնեց Սաղաթէլեան եւ աւելցուց, որ այս չորս ուղղութիւններով իրենք պէտք է իրականացնեն հետեւողական աշխատանք: