Երկուշաբթի, 18 Յունուար 2021-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ ԱՄՆ-ի ուժերը ՔԱՍԱՏ-ի հսկողութեան տակ գտնուող բանտերէն ՏԱՀԵՇ-ի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման ենթակայ 70 ահաբեկիչ փոխադրեցին սուրիական-յորդանանեան սահմանային Թանաֆ քաղաքը գտնուող ամերիկեան խարիսխ։
ԱՄՆ-ի ուժերը Թանաֆ շրջանը ահաբեկիչներուն տրամադրած են որպէս ապահով վայր, ապահոված են անոնց զինամթերք, որպէսզի շարունակեն իրենց թշնամական ծրագիրները Սուրիոյ դէմ։