Երեքշաբթի, 19 Յունուար 2021-ին, «Շամ Թայմզ» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ռիատ Հատտատի համաձայն, Ռուսիայէն Սուրիա ապրանքներու արտածման գործողութիւնը հեզասահ կ՚ընթանայ եւ յառաջիկայ օրերուն ռուսական արտադրութիւններ Սուրիա պիտի հասնին։
Հատտատ յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն ռուսական-սուրիական միջտնտեսական յանձնախումբը ժողով պիտի գումարէ, որուն ընթացքին համաձայնութիւններ պիտի կնքուին երկու երկիրներու ներկայացուցիչներուն միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ։ Համաձայնութիւնները պիտի նպասեն Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ ԱՄՆ-ի պարտադրած պատժամիջոցներուն հետեւանքներուն մեղմացման։
Անդրադառնալով երկու երկիրներուն միջեւ թռիչքներու վերաշխուժացման, Հատտատ յայտնեց, որ ներկայիս աշխատանք կը տարուի Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ թռիչքները վերսկսելու համար վերջնական արտօնութիւններու ապահովման։