Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբէն յայտնած են, որ 19 Յունուարին ԱՄՆ պետքարտուղարի թեկնածու Էնթօնի Պլինքենի հետ հարցուպատասխանի ընթացքին ծերակուտական, Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նորընտիր նախագահ Ռոպերթ Մենենտէզ հարցեր  ուղղած է`  ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն առնչուած, ինչպէս նաեւ Արցախեան հիմնախնդիրի ու Սպիտակ տան կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին:

Ծերակուտականը ուշադրութեան  հրաւիրած է Թուրքիոյ ապակառուցողական կեցուածքին յարակից գրեթէ բոլոր տարածաշրջաններուն, յատկապէս` Սուրիոյ եւ Լիպիոյ, Յունաստանի բացառիկ տնտեսական գօտիին եւ Կիպրոսի սոււերեն ջրային տարածքներուն: Մենենտէզ յատուկ ուշադրութիւն  դարձուցած է Ղարաբաղեան վերջին պատերազմին` դատապարտելով Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանի զինումը ու պատերազմական գործողութիւններ հրահրելը:

Ծերակուտականը հետաքրքրուած է, թէ արդեօ՞ք Պայտենի վարչակազմը Թուրքիոյ «բաց աչքերով» կը նայի, որուն ի պատասխան Պլինքեն ըսած է․ «Մենք «բաց աչքերով» կը նայինք: Թուրքիան դաշնակից է, որ, ինչպէս Դուք ըսիք, շատ առումներով չի գործեր այնպէս, ինչպէս պէտք է գործէ դաշնակիցը: Մեզի համար շատ կարեւոր մարտահրաւէր է, եւ մենք  շատ յստակ կը տեսնեմ»:

Մենենտէզ նաեւ յոյս  յայտնած է, որ Սպիտակ տան վարչակազմը կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը` դիտել տալով, թէ ինչ դժուար է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպաններուն համար այցելել Ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ չարտասանել ցեղասպանութիւն բառը: Ծերակուտականը նաեւ կարծիք  յայտնած է, որ Թրամփի վարչակազմը Էրտողանին «կը գրգրէր»:

Ի պատասխան ծերակուտական Լինտսի Կրեհեմին` Թուրքիոյ նկատմամբ ռուսական Ս-400-ներ գնելու համար ամերիկեան պատժամիջոցներուն շարունակականութեան  հարցին` Պլինքեն պատասխանած է. «կը կարծեմ, ինչ որ անընդունելի է ,  Թուրքիան ըրած է որպէս ՆԱԹՕ-ի դաշնակից Ս-400-ները ձեռք բերելու հարցով: Մեր այսօրուան ռազմավարական, այսպէս կոչուած, ռազմավարական գործընկերը իրականութեան մէջ համահունչ պիտի ըլլայ Ռուսիոյ մեր ամենամեծ ռազմավարական մրցակիցներէն մէկուն, ընդունելի չէ: Կը կարծեմ, որ մենք պէտք է նայինք եւ տեսնենք, թէ ինչ ազդեցութիւն  ունեցած են առկայ պատժամիջոցները, եւ յետոյ պարզենք, թէ կա՞յ աւելին, որ պէտք է կատարուի»:

Քննարկուած են նաեւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ գործած եւ փտածութեան հարցերով յայտնի միջազգային ղեկավարներուն նկատմամբ Մագնիտսքիին պատժամիջոցներ կիրառելու եւ այլ հարցեր:

Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբը պիտի շարունակէ իր քաղաքական առաջնահերթութիւններուն սպասարկումին ուղղուած աշխատանքները` Արցախեան հիմնահարցի, Ցեղասպանութեան ճանաչման, ատրպէյճանա-թրքական տանդեմի նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրառումին, Հայաստանին տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութեան մեծցնելու ուղղութեամբ: