ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի Արցախ կատարած այցելութեան բուռն կերպով արձագանգած  են Ատրպէյճանի մէջ, ուր բողոքի ալիք  բարձրացած էր,  բազում հրապարկումներ եղած են:

Իսկ բուն այցելութիւնը յագեցած է պաշտօնական եւ կուսակցական տարբեր մակարդակներով,  քննարկուած են սկսեալ ռազմաքաղաքական հարցերէն մինչեւ ընկերային-տնտեսական հարցերու լուծման ծրագիրներու գործարկումը, Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը միջազգային հարթակներու վրայ, Արցախի շուրջ համազգային համախմբումին ապահովումը: