«Արմէնփրէս».-Արցախի Արտակարգ Իրավիճակներու Պետական ծառայութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի պետ Հունան Թադէոսեան կը տեղեկացնէ, որ մարտական գործողութիւններու վայրերուն մէջ 21 Յունուարին վերսկսած են  որոնողական աշխատանքներ:

«Երեկուան դադարէն վերջ այսօր որոնողական աշխատանքները վերսկսած են Հադրութի, Դրախտիկի  եւ Ջրականի (Ջապրայիլ) ուղութիւններով: Ընդհանուր առմամբ` առայսօր որոնողական աշխատանքներու հետեւանքով յայտնաբերուած է 1247 զոհուած զինուորական ծառայողներու եւ քաղաքացիական անձերու աճիւններ», յայտնեց Թադէոսեան, աւելցնելով, որ որոնողական աշխատանքները կ’իրականացուին անյայտ կորսուած զինուորական ծառայողներու ծնողներուն մասնակցութեամբ: