ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մշտական ներկայացուցիչ դոկտոր Պաշշար ալ Ճաաֆարի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի նիստին ընթացքին վերահաստատեց, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները, յատկապէս ՏԱՀԵՇ-ը եւ «Ճապհաթ ալ Նուսրա»ն կը շարունակեն շահագործել իրենց յանցագործութիւնները, նեցուկ ունենալով  արեւմտեան ուժերը՝ սուրիացիները սպանելով եւ անոնց ունեցուածքը թալանելով: Սա կը պահանջէ զօրացնել ՄԱԿ-ի հովանիին ներքեւ միջազգային գործակցութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի համար՝ արմատախիլ ընելու զայն եւ աջակցելու սուրիական պետութեան այս առումով թափած ջանքերուն:
Ճաաֆարին պարզեց, որ ահաբեկիչները կեդրոնացած են ԱՄՆ-ի վերահսկողութան տակ գտնուող Սուրիոյ հարաւային Թանաֆ շրջանին մէջ: Ապա յայտնեց որ Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան շրջաններու, յատկապէս Իտլիպի, որոշ տարածքներ գրաւուած կը մնան ահաբեկչական խմաւորումներու կողմէ: Անոնք կը գերեվարեն քաղաքացիները եւ կը թալանեն անոնց ունեցուածքը: Ճաաֆարի լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող Ալ Համզաթ, Սուլթան Մուրատ եւ Ահրար ալ Շարքիէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն յանցագործութիւնները, դիտել տալով որ անոնք, թրքական իշխանութիւններուն թելադրանքով եւ աջակցութեամբ, Ռաս ուլ Այնի, Թել Ապիատի եւ Այն Իսայի մէջ համաթրքացման ու թալանի վարքագիծով ոճիրներ կը գործեն եւ սուրիացիներու, յատկապէս գիւղացիներու բերքը,գիւղատնտեսական հարստութիւնը գողնալով կը փոխադրեն Թուրքիա: