Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Պաֆոսի քաղաքապետին եւ իր աւագանիին, որոնք ընդառաջելով գաղութի դիմումին շատ արագ փոփոխութեան ենթարկեցին քաղաքին մէջ գոյութիւն ունեցող Թալէաթ Փաշա փողոցի անունը, զայն վերանուանելով Տիկէոսինիս (Արդարութիւն)։
 Յանձնախումբը առաջին անգամ ըլլալով քննած էր փողոցի անուան փոփոխութեան հարցը իր 14 Յուլիս 2020-ի նիստին, ուր նուաստացուցիչ համարած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը կազմակերպած դահիճը մեծարելը։
Աւելին. Կիպրոսի Խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ մը վաւերացուցած էր։ Այս որոշումը իրաւական հարթակ փոխադրած էր թուրք ցեղասպանին մեծարման հանգամանքը։
Այսօր մեր բոլորին բաղձանքը իրականացած է։ Մեր շնորհակալութիւնը՝ Պաֆոսի Քաղաքապետ պրն. Ֆետոն Ֆետոնոսին, որ առանց երկմտանքի հաստատեց արդարութիւնը։
Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբ
19.01.2021