Tert.am-ի համաձայն, լեհ քաղաքական գործիչ Թոմաշ Լեխ Փուչիչ իր ֆէյսպուքեան պաշտօնական էջին գրառում կատարած է, յայտնելով որ Պաքուն իրեն առաջարկած է 50.000 ամ. տոլար՝ Արցախի մէջ հայերուն դէմ Ատրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւններուն մասին գիրքը չհրատարակելու համար:
Փուչիչ իր էջին տեղադրած է նաեւ կաշառքի փորձի ապացոյցը:
«Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ, ամենայն հաւանականութեամբ, լսած է իմ հրապարակման մասին: Ես առաջարկ ստացած եմ 50.000 ամ. տոլարի փոխարէն չհրապարակել Արցախի/Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն դէմ Ատրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւնները: Իմ պատասխանը Պաքուին՝ ազատ արձակեցէք հայ  ռազմագերիները», գրած է քաղաքական գործիչը: