Ուրբաթ, 22 Յունուար 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ առաւօտեան ժամը 4:00-ին, Իսրայէլ բազմաթիւ հրթիռներ արձակեց Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքէն Սուրիոյ Համա նահանգին ուղղութեամբ։
Օդային յարձակումին հետեւանքով 4 անդամէ բաղկացած ընտանիք մը զոհուեցաւ, 4 վիրաւորներ արձանագրուեցան եւ շուրջ 3 բնակարաններ քանդուեցան։
Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։