Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը շնորհաւորէ Ճօ Պայտընը` Միացեալ Նահանգներու 46-րդ նախագահի երդման արարողութեան առիթով:
Մենք կը միանանք մեր համայնքին, դաշնակից գործընկերներուն եւ քոնկրեսական դաշնակիցներուն` քաջալերելով վարչակազմը կառուցողաբար եւ համագործակցաբար ներգրաւուելու Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան գերակայութիւններուն մէջ, որոնք ազդեցութիւն ունին Հայաստանի, Արցախի, Եւրասիոյ, Արեւելեան Միջերկրականի եւ Մեծն Միջին Արեւելքի վրայ:
Նախորդ վարչակազմի կրաւորականութեան եւ շրջանի թշնամական ուժերու յարձակողական միջամտութեան ենթահողին վրայ` Միացեալ Նահանգները պէտք է շրջադարձ կատարեն դէպի ներգործական մօտեցում, այն է` Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութիւն, պատերազմական յանցագործութիւններու եւ շարունակուող թշնամանքի համար Պաքուի եւ Անգարայի պատասխանատուութիւն, Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան ռազմավարական գործընկերութեան ամրապնդում, Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում:
Պայտընի վարչակազմի ուշադրութիւնը, իր պաշտօնավարման առաջին օրերէն, կը հրաւիրենք կայունութիւնը վերականգնելու, խաղաղութիւնը խթանելու եւ Ալիեւի ու Էրտողանի ցեղասպանական համաթրքական ծրագիրները հետաքննելու, ինչպէս նաեւ հետեւեալին վրայ.
Օժանդակութիւն Հայաստանին Եւ Արցախին. 250 միլիոն տոլարի հրատապ մարդասիրական օգնութեան թղթածրար` մարդասիրական կարիքները բաւարարելու եւ Արցախի մէջ հայ գաղթականներու տուները անվտանգ ու կայուն դարձնելու համար, ինչպէս նաեւ «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագիրի նոր բաղադրիչներու ներդրում` Հայաստանի մէջ բարձր ճարտարագիտական կրթութիւնը խրախուսելու համար:
Զինուորական օժանդակութիւն/վաճառք Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին. Աջակցութեան մասին օրէնքի 907-րդ յօդուածի լիակատար կիրարկում: Ազրպէյճանին եւ Թուրքիոյ Միացեալ Նահանգներու զինուորական եւ անվտանգային բոլոր օժանդակութիւններու կասեցում եւ թէ՛ Ատրպէյճանին, թէ՛ ալ Թուրքիոյ զէնքի արտածման բոլոր նոր արտօնագիրներու մերժում:
Պատժամիջոցներ. Մակնիթսքիի միջազգային եւ այլ կանոնադրական պատժամիջոցներ Ալիեւի եւ Էրտողանի վարչակարգերուն նկատմամբ` մարդու իրաւունքներու հանդէպ յանցագործութիւններու համար, որոնք անոնք գործած են Արցախի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումին ընթացքին, ներառեալ Թուրքիոյ կողմէ հաւաքագրուած օտարերկրեայ ահաբեկչական մարտիկներու օգտագործումը:
Ամերիկեան պահեստամասերը Ատրպէյճանի անօդաչու թռչող սարքերուն մէջ. Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, Փենթակոնի եւ Արդարադատութեան նախարարութեան միացեալ հետաքննութիւնը ամերիկեան արտադրութեան մասերու վերաբերեալ: Անոնք յայտնաբերուած են թրքական անօդաչու թռչող սարքերուն մէջ, զորս Ատրպէյճանը կ՛օգտագործէր Արցախի վրայ յարձակումին ժամանակ:
Բանտարկեալներու ազատ արձակում. Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւնը պէտք է ապահովէ Ատրպէյճանի կողմէ հայ քաղաքային անձերու եւ զինուորներու ազատ արձակումը, որոնցմէ շատերը խոշտանգուած, խեղուած եւ սպաննուած են, եւ այդ արարքներուն մասին նիւթեր տարածուած են ընկերային ցանցերուն վրայ:
Եկեղեցիներու պահպանութիւն. Միացեալ Նահանգներու կարեւոր դերը ներկայիս Ազրպէյճանի զինուորական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ հայկական եկեղեցիներու եւ մշակութային վայրերու փաստաթղթաւորման, հսկողութեան, պաշտպանութեան եւ պահպանման գործին մէջ:
Արցախի ճանաչում. Միացեալ Նահանգներու կողմէ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը իբրեւ շտապ վերականգնողական գործողութիւն, որ անհրաժեշտ է այս հին հայկական երկրի քրիստոնեայ հայ բնակչութեան գոյատեւման համար:
Հայաստանի Հանրապետութիւն-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու վերաշխուժացում. նորացուած ռազմավարական գործընկերութիւնը, որ կեդրոնացած է շօշափելի տնտեսական եւ զինուորական համագործակցութեան վրայ, եւ որ կ՛աջակցի ու կը պահպանէ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ ալ Արցախի անվտանգութիւնը:

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
20 Յունուար 2021