Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի աշխատակիցները 22 Յունուարին «ամօթի պատ» կազմած են ԱԺ մուտքին առջեւ, ուր կը բողոքեն Գագիկ Ճհանկիրեանին Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդի անդամ նշանակելու` իշխանական պատգամաւորներուն մտադրութեան դէմ:
Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստին, ուր ի թիւս օրակարգային այլ հարցերուն՝ քննարկուած է նաեւ ԲԴԽ անդամի թափուր տեղի համալրումին հարցը:
ՀՅԴ անդամ Սեւակ Նազարեան ցոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ ոչ միայն Գագիկ Ճհանկիրեան միանշանակ անբիծ չէ իր կենսագրութեամբ, այլեւ այս գործընթացը ունի ընդամէնը մէկ նպատակ` խախտել ՀՀ Սահմանադրութիւնն ու օրէնքը, ԲԴԽ անդամ նշանակել մարդու մը, որ լիարժէք կամակատարն է ՀՀ վարչապետին եւ կառավարութեան:

Ան յայտնեց, որ իշխող խումբը, իր իշխանութիւնը երկարաձգելու համար, անգամ մը եւս ՀՀ-ի Սահմանադրութիւնը եւ օրէնքը խախտած է:
ՀՅԴ անդամ Գերասիմ Վարդանեան յայտարարեց, որ ԱԺ-ի մէջ հաստատուած խումբ մը «ուսապարկեր», որոնք ուսապարկով, սելֆիի ձողով կրցան զաւթել Ազգային ժողովը, այսօր կը ծառայեն այլ երկրի շահերուն.: