Յունական դիցաբանութեան մէջ Իկարոս փորձեց արհեստական թեւերով թռչիլ ու ազատուիլ Լաբիրինթոսի բանտէն։ Բայց արեւին շատ մօտենալով, թեւերու փետուրները ամրացնող մոմերը հալեցան եւ Իկարոս երկինքէն ինկաւ վար՝ Եգէական ծով եւ մեռաւ։
Այսօր փետուրները մոմերով կպցուած արհեստական թեւերով թռչողներ կ’իշխեն Հայաստանի մէջ։ Երկիրը վերածած են Լաբիրինթոսի։ Թափ կու տան իրենց արհեստական թեւերուն, բայց արեւին կիզիչ տաքը սկսած է հալեցնել մոմերը։
Այս մոմահալքի գործընթացին մէջ պէտք է զետեղել Ազգային Ժողովի Նախագահ Արարատ Միրզոյեանի պարագան։ Պարագան, անշուշտ, կը վերաբերի վերջերս կատարուած փաստաթղթային այն հրապարակումին, ուր պրն. Միրզոյեանին կը վերագրուի Թուրքիոյ յատուկ ծառայութիւններու գործակալ ըլլալու հանգամանքը։
Ի տես այս պարագային, ի՞նչ կարող են ընել պետութեան մը արդարադատութեան եւ անվտանգութեան կառոյցները, երբ երկրին սահմանադրականօրէն առաջնագոյն պաշտօնը զբաղեցնող անձին դէմ կը հրապարակուի այլ պետութեան մը յատուկ ծառայութիւններու գործակալ ըլլալու մեղադրանքային փաստաթուղթը։
Այսօր Հայաստանի իշխանութեան վրայ կոպտօրէն յամեցող կառավարութիւնը դէմ յանդիման կը գտնուի հայրենիքի անվտանգութեան սպառնացող այս հարցումին։
Ճիշդ ըմբռնելու համար այս պարագան, պէտք է հետեւիլ զարգացումներու ժամանակագրութեան։
16 Յունուարին, Վատիկանի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան Միքայէլ Մինասեան կատարեց հետեւեալ հրապարակումը.- 2005 թուականէն սկսեալ Արարատ Միրզոյեան Թուրքիոյ յատուկ ծառայութիւններու գործակալ է եւ Հայաստանի մէջ կը գործէ ի նպաստ Թուրքիոյ շահերուն. Թուրքիոյ խորհուրդով ան կը սկսի համագործակցիլ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ կը դառնայ անոր թիմի կարկառուն ներկայացուցիչը՝ հասնելով ԱԺ նախագահի պաշտօնին։
Իբրեւ ապացոյց, դեսպան Մինասեան հրապարակեց նաեւ Պրն. Միրզոյեանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան յանձնած Նոյեմբեր 7, 2007 թուակիր ձեռագիր նամակը, ուր Պրն. Միրզոյեան իր համաձայնութիւնը կու տայ աջակցելու ԱԱԾ-ին: Այլ խօսքով, ան կը դառնայ կրկնակ գործակալ (double agent)՝ «Օմեկա» ծածկանունով։
Ի պատասխան, այս հրապարակումէն որոշ ժամեր ետք, Պրն. Միրզոյեան, փոխանակ կտրականապէս հերքելու կատարուած վերագրումը, իր ֆեյսբուքով գրեց, թէ դեսպան Մինասեանի կատարածը «հերթական ցնդաբանութիւն» եւ «սուտ մատնութիւն» է, որու համար ան «պէտք է արժանանայ պատշաճ քրէաիրաւական գնահատականի»։
Յաջորդ օրը, Յունուար 17-ին, ԱԱԾ-ն հաղորդագրութեամբ մը հերքեց կատարուած վերագրումը, ընդգծելով թէ Պրն. Միրզոյեանի «յատուկ ծառայութիւնների գործակալ լինելուն եւ տարածուած այլ փաստաթղթերին վերաբերող տեղեկատուութիւնն ակնյայտ սուտ է ու իրականութեան հետ որմէ աղերս չունի»:
Պրն. Միրզոյեանի «քրէաիրաւական» սպառնալիքէն ետք, կրկնակիօրէն տարօրինակ էր ԱԱԾ-ի յայտարարութիւնը։ Առաջին, անվտանգութեան կառոյցները ընդհանրապէս հերքում կամ հաստատում չեն կատարեր իրենց կառոյցէն ներս գաղտնօրէն գործող կամ չգործող անհատներու մասին։ Երկրորդ, նման հարցերու կամ փաստաթուղթերու հրապարակումին գծով անոնք կը ձեռնարկեն ներքին քննարկումներու եւ այդ մասին զեկուցելու առ որ անկ է՝ առանց հանրային հրապարակումներու։ Այլապէս, ԱԱԾ-ի այս հերքումը քաղաքական պատուէրի համը կու տայ։
Այս պարագային, ի՞նչպէս հարցադրուեցաւ սկիզբը, ի՞նչ կրնայ կամ պէտք է կարենայ ի գործ դնել պետութիւնը։ Այս ուղղութեամբ նախաձեռնութիւններու առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ քննարկումներու եւ փաստահաւաքի միջոցներով յայտնաբերել ճշմարտութիւնը։ Նկատի ունենալով, որ խնդրոյ առարկայ ենթական ԱԺ Նախագահն է, Ազգային Ժողովը կրնայ յատուկ յանձնաժողով յառաջացնել՝ կազմակերպելով դռնփակ ունկնդրութիւններ, յանգելու համար ճշմարտութեան։ Արդարադատական համակարգը իր կարգին եւ ներքին կարգով կրնայ զուգահեռաբար իրաւական ու փաստական քննարկումներու նախաձեռնել։
Այսպիսի ընթացակարգով կարելի է յանգիլ ճիշդ եզրակացութիւններու՝ հաստատելու համար կատարուած վերագրումին ճշմարտացիութիւնը կամ վերագրումը կատարողին զրպարտութիւնը։
Դժբախտաբար, հիմա իշխանութիւնները՝ միշտ հետեւելով հարցերը ծածկելու իրենց ընկալեալ գործելաոճին, այլ ընթացք տուած են Պրն. Միրզոյեանի վերաբերող պարագային։
Այսպէս, 19 Յունուարին, ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը ԱԱԾ քննչական բաժանմունքին փոխանցեց ԱԺ Նախագահ Արարատ Միրզոյեանի Թուրքիոյ գործակալ ըլլալու մասին կատարուած հրապարակումներուն հարցը։
Այս փոխանցումը կը կատարուի հիմք ունենալով Քրէական օրէնսգիրքի թիւ 180 (առանձնակի արժէք ունեցող առարկաներ յափշտակել) եւ թիւ 181 (համակարգչային տեխնիկայի օգտագործմամբ կատարուած յափշտակութիւն) յօդուածները։ Այսինքն, այն ինչ հրապարակուած է, յափշտակուած «արժէք ունեցող առարկայ» է եւ սոյն յափշտակութիւնը կատարուած է «համակարգչային տեխնիկայի օգտագործմամբ»։
Նպատակը այս ցուցմունքին պարզ է – քրէականացնել հրապարակուածը եւ քրէական հարց յարուցել հրապարակողին դէմ։
Բայց այս ցուցմունքին օրինական տրամաբանութիւնը եւ իրաւական հետեւանքը, ըստ երեւոյթի, կը խուսափին գլխաւոր դատախազութենէն եւ այդ ցուցմունքին ընդառաջող ԱԱԾ-էն։
Անոնք չեն անդրադառնար, որ ըստ ինքեան եւ անուղղակի կերպով անոնք կը հաստատեն, Պրն. Միրզոյեանի թրքական գործակալ ըլլալու հրապարակումին ճշմարտութիւնը, որովհետեւ հրապարակուածը համակարգիչի միջոցով «յափշտակուած առարկայ» է։ Այլապէս, եթէ ճիշդ չէ կամ գոյութիւն չունի նման «առարկայ», այդ պարագային ի՞նչու եւ ի՞նչպէս կարելի է ցուցմունք տալ թիւ 180 եւ թիւ 181 յօդուածներու հիմամբ։
Ուստի, գլխաւոր դատախազութիւնը հաստատելով «յափշտակուած առարկայի» ճշդութիւնը, օրէնքի տրամաբանութեամբ եւ իրաւական վերլուծումով, ստիպուած է քրէական գործ յարուցել Պրն. Միրզոյեանի դէմ՝ հիմնուելով Քրէական Օրէնսգիրքի թիւ 299 (պետական դաւաճանութիւն) եւ թիւ 302 (լրտեսութիւն) յօդուածներուն վրայ։
Կ’ըսուի, թէ պրն. Միրզոյեանի ծածկանունը «Օմեկա» է։ «Օմեկա»ն յունարէն այբուբենի 24-րդ կամ վերջին տառն է։ Ան նաեւ կը նշանակէ «վերջ»։
Այն պարագային եթէ հաստատուի քրէական գործը՝ թիւ 299 կամ թիւ 302 յօդուածի հիմամբ, ի՞նչ ծածկանուն պէտք է տալ պրն. Միրզոյեանին՝ «Օմեկա՞», թէ «Իկարոս»։
Սեդօ Պոյաճեան