Ցաւը սրտիս ու ամօթը ճակտիս հայրենիքիս կը մաղթեմ խաղաղութիւն, ոչ թէ պարտուածի խայտառակութիւն։
Հայոց պետական տան կառուցումը համահայկական առաջադրանք է։
Ներկայ քաղաքական զարգացումները Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ միանշանակօրէն կը մատնանշեն նաեւ քաղաքական ներկայ իրավիճակի եւ անոր զարգացման հաւանականութիւններու ուսումնասիրութիւնը։
Մենք չենք ձգտիր հակասութիւններ փնտռելու, մեզի համար ընդունելի է այն ծրագիրը, որ գործնական է ե՛ւ Արցախի ե՛ւ Հայաստանի համար, որուն ընդմէջէն կը հաստատուի կայուն եւ ցանկալի խաղաղութիւն, ոչ թէ պարտուածի խայտառակութիւն։
Կեանքի փորձառութիւնը կը սորվեցնէ եւ պատմութիւնը կը վկայէ, որ ռազմաճակատներու վրայ արձանագրուած յաղթանակները կրնան նաեւ ծանր պարտութեանց յանգիլ, եթէ շատ ուշանայ զանոնք ամրագրելու կոչուած քաղաքական լուծումը։
Ազգային ինքնորոշման իր իրաւունքին համար պայքարող եւ 1993-ի գարնան ու ամրան ռազմական կարեւոր յաղթանակներ արձանագրած հերոսական Արցախը, բնականաբար, իր կարգին չի կրնար անտեսել ճակատամարտը շահելու, բայց դիւանագիտականօրէն կամ քաղաքականօրէն զայն կորսնցնելու այդ վտանգը։
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական պառակտումներն ու տեղաշարժերը մեծ չափով հետեւանք էին աշխարհի մէջ տեղի ունեցող նոր դասաւորումներու եւ համախմբումներու։ Համախմբումներու այդ խաղին մէջ ներգրաւուած են արդէն Հայաստանի ղեկավարներէն շատեր։
Ազգային արժէքներու համակարգի վրայ խարսխուած պետականութիւն ստեղծելու վճռականութիւնը կը թելադրէ բարոյականութեան նախապատրաստական դասարանն իսկ չաւարտած վարչախումբին յիշեցնել որ՝ Հայաստանի ներկայ անկախութիւնը արդէն ժամանակի փորձութեան դիմացած փաստ է, հետեւաբար՝ անշրջելի եւ անկորնչելի իրողութիւն։ Ոչ ոք պատրանքներ թող փայփայէ, շահարկելով առժամեայ դժուարութիւնները իր սին, եւ ըստ էութեան հակազգային նպատակներուն հասնելու համար. այդ մէկը մերժուած է ի սպառ, մերժուած յաւիտեան։ Եթէ ժողովուրդը չունի այս գիտակցութիւնը, եթէ ամէն դժուարութեան առջեւ պիտի շարունակէ ետ-ետ նայիլ, կը նշանակէ ընդունակ չէ կերտելու իր ապագան, աւելին՝ դատապարտուած է կործանումի։
Ոչ մէկ անարգանք թոյլ կու տանք հերոսի արեան, զինուոր ըլլայ ան, թէ կամաւոր, նահատակ, թէ վիրաւոր։
Ոչ մէկ սակարկութիւն իւրաքանչիւր մօր արցունքի կաթիլին։
Ոչ մէկ ոտնձգութիւն բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք իրենց գործնական եւ դրական մասնակցութիւնը բերին Ազգային բանակի կազմաւորման ու անոր զարգացման գանձանակին ձգեցին իրենց լուման։ Անոնք առնուազն արժանի են մեզմէ իւրաքանչիւրին յարգանքին ու գնահատանքին։
Բայց որոշ իրականութիւններ յայտարարելու քաջութիւնը ունենալը նաեւ ազգային գիտակցութեան մշակոյթի մաս կազմող երեւոյթ պէտք է համարել։
Մենք չենք զարմանար, որ Հայաստանի նորելլուկ, իշխանատենչ վարչապետին համար տակաւին բաց է Դաշնակցութեան դէմ «անխնայ պայքար»ի ասպարէզը, որովհետեւ «գող՝ սիրտը դող»ի բարդոյթէն ազատում չկայ անոր համար, այնքան ատեն որ անկախ եւ ազատ մեր պետականութեան իրաւական հիմերը հարուածելու ծրագիրներուն կը սպասարկէ ան։
Յանցագործի այս մտային կաղապարէն ազատում չունի պրն. Նիկոլը, որովհետեւ իր իսկ աժան մարտահրաւէրին տէր կանգնելու քաջութենէն զուրկ է եւ ամէն միջոցի կը դիմէ՝ իր հակաիրաւական քայլին դէմ ազատատենչ ժողովուրդին արդար ձայնը որակելու խանգարող ու աղմկարար։
Կեղծ են հակառակը պնդող կոչերը, որքան ալ բարձր բեմերէ եւ բարձրագոյն ալիքներու վրայ հնչեն այդօրինակ «հանդիսաշուք» ճառերը։
Հայաստանի Հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական առկայ խոր ճգնաժամը, երկրի մէջ հաստատուող բռնապետութեան իսկական վտանգը, մարդու տարրական իրաւունքներու կոպիտ ոտնահարման փաստերու աննախադէպ աճը ինքնախարազանումի առիթ են։
Երէկուան դժգոհ հաւատաւորս, նորերու համար շեփոր ու ծնծղայ հնչեցնողս, ազատութեան հրապարակը լսելով անոնց բոցավառ ճառերը արցունքոտ աչքերով ու ոգեւորութեամբ շնչակտուր ունկնդրողս, … այսօր սրտի խորագոյն ցաւով կը գրէ այս տողերը։ Պետական անկախութիւնը քաղաքակրթուած իւրաքանչիւր ազգի ու ժողովուրդի բարձրագոյն քաղաքական երազանքն է։
Ուստի, մի՛ սպաննէք մեր երազները։
Պարգեւ Աւագեան