Հայաստանի շուրջ անցած-դարձածին ու Երեւանի քաղաքական բեմին վրայ զարգացող բանավէճերուն հետեւողը կ’ունենայ այն տխուր զգացումը, որ երկրի քաղաքական ղեկին գտնուողները իրենք զիրենք մատնած են կամաւոր կուրութեան ու խլութեան, իրենց կարգին պատանդ դարձնելով խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ընդդիմադրութիւնը: 10 Նոյեմբերի, ապա նաեւ 11 Յունուարի ծանօթ հանգրուաններէն ետք, յայտնապէս դուրսէն, Հայաստանի անմիջական դրացնութեան մէջ եղող գօտիէն հնչող ահազանգը կարծէք թէ ուրիշին համար է, իսկ մենք մտահոգուելու եւ իրապաշտ զգուշաւորութեան որեւէ պատճառ չունինք, ընդհակառակն, պէտք է տոգորուինք հաւկուր ու ջայլամային լաւատեսութեամբ:
Խօսինք քանի մը օրինակով (ցանկը կարելի է մի՛շտ երկարել մեծ ու փոքր հրամայականներու օրինակներով), որպէսզի չմնանք «օդէն խօսող»ի կօշիկներուն մէջ:
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան շաբաթասկիզբին յայտարարեցին, որ 1-էն մինչեւ 12 Փետրուար, միացեալ ռազմափորձ մը պիտի ունենան Կարսի շրջանին մէջ, նման այն ռազմափորձին, որ մօտաւորապէս մէկ ամիսով կանխեց Արցախի վրայ սեպտեմբերեան յարձակումը: Կ’ըսուի, որ միացեալ ռազմափորձը աւելի ծաւալուն եւ «արդիական» պիտի ըլլայ, քան նախիջեւանեան ռազմափորձը: Այս յայտարարութիւնը, որ այլապէս արժանի է բազմամակարդակ մեկնաբանութեան, իր կողքին ունի քարոզչական զուգահեռներ: Մէկ կողմէ, Թուրքիա կը փորձէ հայկական կողմն ու շրջանի զարգացումներուն հետեւողը համոզել, որ Հայաստանի հետ հարց չունի, մինչդեռ անդին, Ատրպէյճանը կը շարունակէ իր հակահայ հռետորաբանութիւնը, գործնապէս ոտնատակ կ’ընէ իր իսկ կողմէ ստորագրուած 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրը եւ ուղղակի եւ անուղղակի սպառնալիքներով հանդէս կու գայ թէ Արցախի եւ թէ Հայաստանի հասցէին: Այսպէս, 10 Նոյեմբերէն ետք գերի բռնուած հայեր դուրս կը բերուին պատերազմական գերիի դրութենէն եւ կրնան դատուիլ իբրեւ ոճրագործ յանցապարտ (վաղը մեր իշխանաւորներէն մէկը կամ անոր մունետիկը կրնայ ըսել, թէ անոնք ի՞նչ գործ ունէին ազերիներուն յանձնուած հողերուն վրայ, ինչպէս որ մեղադրանք հնչեց սահմանամերձ սիւնեցիներու պարագային), մեր գերիներուն թիւը կը մնայ մեծագոյն անյայտներէն մէկը, իսկ անոնց դատին հետապնդումը կախեալ կը թուի ըլլալ… աստղաբաշխ-ֆալճիներէ: Ազերիներուն «նուիրաբերուած» հողերուն վրայ հայկական կոթողներ եւ մշակութային ժառանգութիւններ սկսած են փճացուիլ, այլափոխումի ենթարկուիլ, իսկ մեզի կը շնորհուին Դադիվանքին մէջ արարողութիւն մը կատարելու, Ամարասը հայկական կը մնայի եւ… ազերիները Շուշիի քանդուած եկեղեցին պիտի նորոգենի պէս «պերճանքներ»:
Այս զարգացումներուն դիմաց՝ իշխանաւորներու գիտակից թէ անգիտակից անկարողութեան, չըսելու համար ձեռնածալ կրաւորականութեան ականատես վկաները եղող  ընդդիմադիրներ, նաեւ հարազատներ կորսնցուցած ընտանիքներ (որոնք անպայման ընդդիմադիրներու ցանկին կարելի չէ արձանագրել, որովհետեւ անոնց ցաւն ու ապրած ողբերգութիւնը «քաղաքական խաղ»էն շատ անդին է եւ խոր) երբ արդար պահանջներով հրապարակ կու գան, իշխանութեան անդամներու եւ անոնց տեսակէտները արդարացնելու փորձ կատարող շեփորահարներու «երգչախումբ»ը բոլորովին ուրիշ երգ կ’երգէ: Խորագիրնե՞րը՝ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ճամբաներու բացումէն մեր ապահովելիք շահերը», «սահմանները փակողը հայկական կողմը չէ, ուրեմն, որեւէ ապաշրջափակում՝ անվիճելիօրէն Հայաստանի ի նպաստ պիտի ըլլայ», «Հայաստան առեւտուրի համար Վրաստանի ճամբէն այլ ընտրանք պիտի ունենայ, եւ սա ի շահ Հայաստանի պիտի ըլլայ» (ուրեմն պէտք է համոզուինք, որ Երեւանէն դէպի Վրաստան եւ անկէ Ռուսիա հասցնող ճամբաները աւելի երկար են եւ ծախսալից, քան Երեւանէն դէպի հարաւ, անկէ Ատրպէյճան-Պաքու եւ անկէ յետոյ դէպի աւելի հիւսիսները հասցնող ճամբաները, որոնք այլապէս պիտի վստահուին ազերիական գուրգուրոտ հսկողութեան), եւ, տակաւին՝ «Թուրքիայէն դէպի Գիւմրի, Վանաձոր, Նախիջեւան եւ Ատրպէյճան ճամբաներուն բացումը շահաբեր պիտի ըլլայ Հայաստանի համար, որովհետեւ Հայաստան պիտի գանձէ… տարանցման տուրք»:
Բնականաբար այս չնաշխարհիկ լաւատեսութիւնը հրապարակ նետողները մոռցած են, եւ ճիգ կ’ընեն որ ամէն մարդ մոռնայ, թէ Ատրպէյճանն ու անոր «մեծ եղբայրը»՝ Թուրքիան դեռ երեք ամիս առաջ հայեր կը ջարդէին, մեր հողերը գրաւեցին, հիմա կը պատրաստուին զանոնք վերջնականապէս ազերիականացնել (բնակեցման, ճամբաներու, օդակայանի շինութեան ծրագիրներ, Շուշիի մէջ թէյ խմելներ…), իսկ վաղը, Կարսի շրջանին մէջ միացեալ ռազմափորձով, «բարեկամութեան» նոր փաստեր պիտի տան Հայաստանին ու հայութեան: (Չմոռնանք, որ «միջնարար»ը կը հարստանայ պաշտօններու փոփոխութեամբ, ընդդիմադիրներու ներխորհրդարանական թէ այլ առաջարկներուն հետեւողական մերժումով եւ հազար ու մէկ մանրուքի վիթխարացումով):
Մէկ խօսքով, կամաւոր կոյրերն ու խուլերը կը շարունակեն խաղալ Հայաստանի ճակատագիրով, չեն ուզեր տեսնել, թէ Սիւնիքի ճամբաներէն դէպի Արցախի Ստեփանակերտը անցնողներ քանի՜ տեղ կ’անցնին ազերիական դրօշին տակէն կամ կողքէն, մի՛շտ արդարացում ու չքմեղանք փնտռելով, թէ գերիներուն ու կորսուածներուն հարցերը ինչո՞ւ չեն կրնար հետապնդել:
…Ռուսիա եւ Թուրք-ազերիական դաշնակցութիւնը յստակացուցած են իրենց օրակարգերը, զանոնք կը հետապնդեն իրենց շահերուն հետամտութեամբ, վերջինը գորածդրութեան կը դնէ համաթուրանականութեան դարաւոր ծրագիրը, իսկ մենք երջանիկ ենք մեր… կամաւոր կուրութեամբ եւ խլութեամբ: Արդեօք այլ զգայարանքներ կը բանի՞ն:
Սարգիս Մահսերէճեան