«Երկիր».-Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբը դիմած է Լառնաքայի քաղաքապետարանին` քաղաքի փողոցներէն մէկը, որ կը կրէ, «Գորշ Գայլեր» անուանումը, փոխելու առաջարկով:
«…Յանձնախումբը, նկատի ունենալով, որ Լառնաքա քաղաքի փողոցներէն մէկը կը կրէ «BOZ KURT» (անգ.`Grey Wolves, «Գորշ Գայլեր») անուանումը, դիմած է Լառնաքայի քաղաքապետարան` յայտնելով իր վրդովմունքը: Փոխքաղաքապետին հետ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին ներկայացուած են անուանումը փոխելու դրդապատճառները», ըսուած է հրապարակումին մէջ:
Հաղորդուած է, որ Լառնաքայի փոխքաղաքապետը խոստացած է հարցը քննել քաղաքապետարանի աւագանիին հետ:
«Հայ Դատի Յանձնախումբը մօտէն կը հետեւի գործընթացին եւ համայնքը տեղեակ կը պահէ», յիշուած է հրապարակումին մէջ: