“Արցախփրէս”._Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ-ը մեկնաբանած է 20 Յունուարին Եւրոպական խորհրդարանի կողմէն «Ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան» եւ «Ընդհանուր անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան» շուրջ բանաձեւերու-տարեկան հաշուետուութիւններու ընդունումը՝ գոհունակութիւն յայտնելով Եւրոպական Խորհրդարանի կողմէն ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան նկատմամբ դիրքորոշումին մասին։
«Կը բաժնեկցինք Եւրախորհրդարանի գնահատականները՝ Ատրպէյճանի կողմէն ռազմական ուժի կիրառումին հետեւանքով տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու ուղիներուն մասին: Յատկապէս՝ հարկ կը համարենք ընդգծել Եւրախորհրդարանի տեսակէտը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան անվտանգութեան ապահովումին, հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանումին, տեղահանուած անձերու եւ փախստականներն իրենց բնակարաններ անվտանգ վերադարձին, ռազմագերիներուն եւ զոհուածներու մարմիններուն շուտափոյթ փոխանակումին անհրաժեշտութեան մասին:
Կարեւոր կը համարենք բոլոր ենթադրեալ պատերազմական յանցագործութիւնները պատշաճ կերպով հետաքննումը եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը: Յատկանշական է, որ Եւրոպական Խորհրդարանը նաեւ առանձին կոչ ուղղած է միջազգային հետաքննութիւն կատարելու օտարերկրեայ զինեալներուն, ահաբեկիչներու ենթադրեալ ներկայութեան եւ քասետային զինամթերքի ու ֆոսֆորային ռումբերու օգտագործումին մասին:
Կ’ողջունենք Եւրախորհրդարանին աջակցութիւնը եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ջանքերը` միջազգային միջնորդներուն առաջարկած հիմնարար սկզբունքներուն հիման վրայ հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման ուղղութեամբ:
Կը միանանք Եւրախորհրդարանի դատապարտումին Թուրքիոյ ապակայունացնող դերին, որ կը փորձէ խափանել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ջանքերը` յանուն հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին միջամտելու իր ձգտումներուն», ըսուած է մեկնաբանութեան մէջ։