ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
__________________________________________
Կողոպուտ
Փորձեցէ՛ք պատկերացնել ծխատէր քահանայ մը, որ իր տիրոյթի ծիրէն ներս կը հանդիպի ծանր հիւանդի մը,- դուք ըսէք՝ մահամերձ,- ծխականի տունը եւ անոր հարազատներէն կը պահանջէ…մօտակայ թաղման ծախսերը, բայց նաեւ…կողոպուտը:
Սխալ չգրեցի՝ կողոպուտը:
«Անկարելի է,- պիտի մտածէք,- ասանկ բան չի կրնար ըլլալ»:
Ես ալ պիտի պատասխանեմ՝ գրողը ոչ աւելի, ոչ պակաս Խաչատուր Աբովեանն է, որ «Վէրք Հայաստանի»-ի մէջ երկու անգամ ակնարկած է կողոպուտ պահանջող քահանայի մը, որ ճանչցած է յականէ-յանուանէ:
Հիմա որ այլեւս կասկածելու տեղիք չմնաց եւ տակաւին ձեւով մը ու չափով մը հասկնալի է «թաղման ծախսերու պահանջը», ուրեմն ի՞նչ է այս կողոպուտ ըսուածը եւ ինչպէ՞ս կարելի է «կողոպուտ պահանջել» մահամերձի մը հարազատներէն:
* * *
Արդեօք,- մտածեցի,- այս բառը ունի ուրիշ իմաստ մըն ալ, որ անծանօ՞թ է ինծի:
Այս մտածումով ալ բացի մերոնց բառարանները՝ Գայայեան, Ճիզմեճեան, Տէր-Խաչատուրեան, Կռանեան եւ Ճերեճեան, որոնց բոլորը, հաւատարմօրէն զիրար ընդօրինակելով,- ներողութիւն՝ բոլորն ալ ընդօրինակած են Գայայեանը,- տուած են ձեզի ու մեզի ծանօթ նոյն հոմանիշները՝ աւար, թալան, յափշտակութիւն, կապուտ:
Պարզ է, որ ասոնցմէ ոչ մէկը կարելի է երթալ ու մահամերձէն կամ անոր հարազատէն…պահանջել: Ասոնք բաներ են, որով, զէն ի ձեռին կը մօտենաս մարդոց, մահուան սպառնալիք կը կարդաս անոնց, ապա տոպրակդ կամ գրպանդ կը լեցնես եղած-չեղածը ու կ’աներեւութանաս բնութեան մէջ:
Տիպար կողուպուտը ա՛յս է: Եթէ…չէիք գիտեր: Hold-up ըսուածը:
Միւս կողմէ՝ պարզ էր ինծի համար, որ այս բոլորէն առնելիք մը չունէի:
Ուրեմն պէտք էր ջուրը խմել աղբիւրէն՝ «Նոր հայկազեան»-էն:
(Լոյսի մէջ պառկին այս գանձը մեզի կտակողներուն հոգիները):
Ուրեմն այստեղ սեւով ճերմակի վրայ շշմած կը կարդամ. «Իրք մնացեալք ի մեռելոյ՝ որպէս իրաւունք եկեղեցւոյ»,- այսինքն՝ «Մեռեալէն մնացած իրեր՝ որպէս իրաւունքը եկեղեցիին»: Տէ՜ր, Աստուած, ուրեմն մենք մեր ամբողջ կեանքը ուղտի ականջին մէ՞ջ անցուցած էինք, որպէսզի նման իրողութեան մը կամ այսպիսի նշանակութեան մը բնա՜ւ տեղեակ չըլլայինք:
Իսկ ո՞ւր ապրած էին մեր բառարանագիրները…
Քիչ անդին կը մանրամասնուի նաեւ այդ իրերու մէկ ամփոփ ցանկը՝ «Զկապուտ վախճանելոյ տանուտերաց ի տախտէ եւ յաթոռոյ մինչեւ ցպնակ եւ ցդրգալ»,և ուրեմն սկսած ննջեցեալին մահճակալէն ու աթոռէն՝ հասնելու համար մինչեւ պնակն ու դգալը եւ անշուշտ սոյնպիսիք, այլ խօսքով՝ անոր բոլոր անձնական իրերը:
Որքա՜ն հին են այս բոլորը եւ որքա՜ն նոր. մի՞թէ այսօր ալ ընդհանրապէս նոյնը չենք ըներ՝ ոչ անպայման եկեղեցիին, այլ նաեւ պատահական ծերանոցի, այրիանոցի, որբանոցի կամ թէկուզ չքաւոր անհատներու տալով մեր ննջեցեալին անձնական իրերը: Եւ մեզմէ մէկուն միտքէն անցա՞ծ էր, որ այդ իրերը կողոպուտ կը կոչուին:
Մեր արդի ծխատէր քահանաներուն բերնէն այս բառը լսող եղա՞ծ է:
– Ինչո՞ւ, իրենք գիտե՞ն, որ ծուխին սորվեցնեն,- կ’ըսէ ներսէս բարի ձայն մը:
Հապա ո՞վ պիտի գիտնայ՝ քահանայապե՞տը, ռաբունապե՞տը, քրմապե՞տը…
-Անո՛նք ալ չեն գիտեր,- կը կրկնէ նոյն ձայնը:
* * *
Ասկէ անդին եւ իբրեւ հաճելի զբաղում՝ սկսայ թերթատել ուրիշ շատ բառարաններ եւս: Եւ ահա կը գտնեմ, որ Աճառեան իր «Բարբառային բառարան»-ին մէջ (տպուած 1913-ին) արդէն տեղ տուած է այս բառին. «Մեռելին զգեստներն ու անկողինը, որ իբր վարձ թաղման՝ կը տրուին քահանային»: Եւ ան կը թուէ այն զանազան վայրերը ուր տարածուած էր այս բառը, ի շարս՝ Ատանա, Զէյթուն, Կարին, Վան…այլ խօսքով՝ ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, ուրեմն չենք կրնար ըսել, թէ այդ հասկացութիւնը ծանօթ էր միայն Աբովեանին ու Քանաքեռին:
Միայն մէկ անհարթութիւն կը ծագի այստեղ. ըստ Աճառեանի՝ այդ իրերը քահանային կը տրուէին իբրեւ «թաղման վարձ»: Ես վերոնշեալներէն բացի դիմեցի արեւելահայ բոլոր բառարաններուն եւս, որոնք միահամուռ անդրադարձած են կողոպուտ-ի նշանակութեան, սակայն ոչ մէկը այդ իրերը կը նկատէ իբրեւ «թաղման վարձ»,- ինչպէս կ’ըսէ Աճառեան: Մեր բարքերուն մէջ հանրայայտ իրողութիւն է, որ ննջեցեալին հարազատները, եկեղեցւոյ հանդէպ իրենց նիւթական բոլոր պարտաւորութիւնները հատուցելէ բացի՝ կը ջանան նա՛եւ ձերբազատիլ այդ առարկաներէն,- որոնք երբեմն շատ թանկարժէք իրեր ալ կը հաշուեն՝ նայած ննջեցեալի տիրոջ նիւթական կարողութեան,- որովհետեւ ճնշիչ է անոնց ներկայութիւնը, կարծես ամէն մէկը մահուան ստուերը կը կրէ վրան եւ յարատեւ տխուր յուշեր կը թելադրէ:
* * *
Անշուշտ շատ հետաքրքրական էր գիտնալ, թէ այս եւ մեզի աւանդականօրէն ծանօթ իմաստները,- որոնք գրեթէ առնչութիւն չունին իրարու հետ կամ թէ շատ հեռու են իրարմէ,- ինչպէ՞ս կրցած են համատեղուիլ նոյն բառին մէջ. ո՞ւր է կապը այս երկուքին կամ թէ ասոնցմէ ո՞ր մէկը յառաջացած է միւսէն՝ ի՞նչ փոխաբերութեամբ կամ ի՞նչ «տրամաբանութեամբ»:
Ասկէ առաջ ակնարկած եմ քանի մը բառերու, որոնք ժամանակին հետ իմաստ փոխած են. օրինակ՝ մորթել նախապէս նշանակած է մորթազերծել, իսկ ներկայիս կը նշանակէ գլուխը կտրել կամ թէ կարդալ օրին նշանակած աղաղակել եւ այսօր կը նշանակէ ընթերցել, ապրիլ-ապրեցուցանել նշանակած են փրկուիլ-փրկել եւ այլն: Ասոնց եւ հարիւրաւոր նմաններու իմաստային անցումը այնքան ալ դժուար չէ բացատրել ու ըմբռնել, սակայն լեզուականօրէն ինչպէ՞ս բացատրել աւազակին՝ զէն ի ձեռին կատարած կողոպուտէն քահանային՝ խաչ ի ձեռին կատարած կողոպուտին անցումը:
Ձեզի կը մնայ… մտածել այս մասին եւ լուսաբանել զիրար: