Տակաւին Արցախեան առաջին պատերազմի տարիներէն հայութեան ջանքերը նպատակուղղուած էին հայրենի Արցախը շէնցնելու: 1992-ին այդ նպատակով ստեղծուեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը (ՀՀՀ), որ աշխարհի մէջ սփռուած հայութեան հանգանակած գումարներով պէտք է շէնցնէր Արցախը եւ զարգացումի ծրագիրներ իրականացնէր աղէտալի երկրաշարժէն մեծապէս տուժած Հայաստանի մէջ: Խորհրդային շրջանին Ատրպէյճանի կազմին մէջ գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը գրեթէ զուրկ  եղած է ենթակառուցուածքներէն, իսկ Արցախեան պատերազմէն վերջ եղածը վերածուած էր աւերակներու կոյտի:
Հետագային,  հիմնադրամի ամենամեայ մարաթոններուն աջակցելէն  բացի, Արցախի մէջ զարգացման ծրագիրներ սկսան իրագործել հայկական այլ հիմնադրամներ ու անհատ ներդրողներ: Համայն հայութեան սիրոյ ու գուրգուրանքի երկիր Արցախը օրէցօր կը շէննար, կը մեծնար անոր հանդէպ  հետաքրքրուածութիւնը ներդրողներու կողմէ: Վերջին տարիներուն հայրենիք  դարձած էր  Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ իրենց տուները կորսնցուցած հայութեան համար:
27 Սեպտեմբեր 2020-ին, Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած պատերազմի օրուընէ սկսեալ, համայն հայութեան հպարտութիւնը համարուող Արցախի հանրապետութիւնը այլ ճակատագիր ունեցաւ: Պատերազմին պարտուած Արցախը հարկադրուեցաւ մեծ տարածքներ զիջելու Ատրպէյճանին: 9 Դեկտեմբերին Արցախի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութիւնը հրապարակեց Ատրպէյճանի հանրապետութեան վերահսկողութ-եան տակ անցած Արցախի հանրապետութեան համայնքներուն եւ բնակավայրերուն ցանկը, 7 շրջաններ, 118 համայնք: Անցնող 28 տարիներուն հայութեան հաւաքական ջանքերով հսկայական ներդրումներ կատարուած են այդ բնակավայրերուն մէջ, որուն վայելողը այսուհետեւ  թշնամին պիտի ըլլայ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Արցախի Հանրապետութեան 7 շրջաններու բնակավայրերուն մէջ իրագործուած զարգացման խոշոր ծրագիրները՝ ենթակառուցուածքներու ստեղծում, հասարակական շինութիւններու կառուցում, ընկերային ապահովութեան, առողջապահութեան, կրթութեան, պատմամշակութային արժէքներու պահպանութեան, արուեստի եւ մարզանքի բնագաւառներուն մէջ: Ծրագիրներ իրականացուցած են «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութիւնը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, Թուֆենքեան Բարեգործական հիմնադրամը, Հայ Առաքելական Եկեղեցին եւ այլք:
Ներդրումներու մեծ ծաւալէն բաժին ելած է ՀՀՀ-ին, Ատրպէյճանին յանձնուած տարածքներուն մէջ անոնց հանրագումարը, մեր հաշուարկներով, կը կազմէ մօտաւօր 110 մլն տոլար: 1992-1997 թթ.-ին իրականացուած ծրագիրներու գումարային արժէքը ներառուած չէ այս հաշուարկին մէջ, որովհետեւ այդ թուականներուն կատարուած աշխատանքներուն ծախսերը հիմնադրամի հաշուետուութիւններուն մէջ չեն առանձնացուած ըստ համայնքներու:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը «Հետք»-ին տեղեկացուցած է, որ 1992-95 թթ.-ին Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան ենթակառուցուածքներու վերականգնումի, նորացումի եւ մարդասիրական ծրագիրներուն յատկացուցած է 4 639 848 ԱՄՆ տոլար: Հիմնադրամը Արցախի մէջ ստեղծած է ուժանիւթի, ջրամատակարարման, ճանապարհաշինական ենթակառոյցներ: Անդրանիկ մեծ ծրագիրներէն էին Վաղուհաս գիւղի վերակառուցումը, Գորիս-Ստեփանակերտ ինքնաշարային ճանապարհի կառուցումը, Շուշի-Կարմիր Շուկայ ելեկտրագիծի կառուցումը, Պալուջա-Ստեփանակերտ ջրատարներու կառուցումը եւ այլն:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ներդրումները յանձնուած բնակավայրերուն մէջ.
9 Նոյեմբեր 2020-ին Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ստորագրուեցաւ պատերազմը դադրեցնելու եռակողմ յայտարարութիւն, որմէ ետք Շուշիի շրջանէն երեք համայնք՝ Շուշի քաղաքը, Քարին տակ եւ Քիրսաւան գիւղերը անցան Ատրպէյճանի ենթակայութեան: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը (ՀՀՀ) անցնող 26 տարիներուն մեծ աշխատանքներ  իրականացուցած է Շուշի քաղաքին եւ Քարին տակ գիւղին մէջ:
ՀՀՀ-ի ներդրումները Ատրպէյճանին յանձնուած Հադրութի շրջանին
Հադրութի մէջ զարգացման ծրագիրներ իրականացուցած են «Հայաստան» հիմնադրամը եւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ): ՀՀՀ-ն հիմնական ներդրումները կատարած է ենթակառուցուածքներ ստեղծելու, ընկերային եւ առողջապահական հարցերը լուծելու ուղղութեամբ:
Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ներդրումները Հադրութի մէջ
ՀԲԸՄ-ի համար առաջնայինը Արցախի վերաբնակեցումն էր եւ 2002 թ.-էն սկսաւ Հադրութի շրջանի Նորաշէն գիւղի վերակառուցումը: Հետագային այս ձեռնարկը վերածուեցաւ ՀԲԸՄ-ի Արցախը վերաբնակեցնելու ընդհանուր ծրագիրի, որուն նպատակն էր վերականգնել եւ վերաբնակեցնել 1988-1994 թթ. Պատերազմին հետեւանքով աւերուած ու լքուած հայկական գիւղերը: Միութիւնը Նորաշէնի մէջ կառուցած է 20 տուն, բուժկէտ, մանկապարտէզ եւ դպրոց: Դպրոցը, որ նախատեսուած է 80 աշակերտի համար, ունի ութ դասասենեակ, դահլիճ՝ նախատեսուած տարբեր նախաձեռնութիւններու համար եւ համակարգչային սենեակ: Արցախի մէջ ՀԲԸՄ-ի կառուցած 30 տուներու մէջ մօտաւոր 150 բնակիչ  կ՚ապրի: Բարեշէն գիւղին մէջ կառուցած են 10 տուն:
Ներդրումները Քաշաթաղի եւ քարվաճառի շրջաններուն մէջ
Քաշաթաղի վերաբնակեցումը սկսաւ պատերազմը տակաւին չաւարտած, պաշտօնական որոշումները առնուած են 1993թ.-ի աշնան: ԼՂՀ կառավարութիւնը 2001թ.-ին հաստատած էր վերաբնակեցման 10-ամեայ ծրագիր, ուր յստակացուցած են վերաբնակեցման նպատակները եւ աշխարհագրական դիրքերը: Վերաբնակեցման 10-ամեայ ծրագիրով պիտի կառուցուէր 10 հազար բնակարան, 200 դպրոց, բուժհիմնարկներ, ջրագիծեր, ճանապարհներ եւ այլն:
«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութեան ներդրումները Քաշաթաղի եւ Քարվաճառի (Շահումեանի շրջան)շրջաններուն մէջ
Քաշաթաղի եւ Քարվաճառի շրջաններուն մէջ ամենամեծ ներդրումները կատարած է «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» (ՀՅԴ) կուսակցութիւնը: Անոնց հաշիւներով ներդրումներուն ծաւալը կազմած  է աւելի քան 20 մլն տոլար, որուն մէջ նկատի չեն առնուած բարեգործական ծրագիրները: 2009թ. Աղաւնոյ գետի շրջանին սկսան փոքր ՀԵԿ-երու կառուցումը: 2011թ.-ին բացուեցաւ «Սիւնիք-1» հիտրոելեկտրակայանը, այնուհետեւ «Սիւնիք-2», «Սիւնիք-3», «Սիւնիք 4» ՀԵԿ-երը:
ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Մաթիլեան ըսած է, որ ՀՅԴ-ն կազմակերպած է ներդրումները եւ ի սկզբանէ առեւտրային նպատակ չէ ունեցած: ՀԵԿ-երու շինարարութեան նպատակը առաւելապէս ընկերային եւ ռազմավարական եղած է: Այդ պատճառով բոլոր ՀԵԿ-երը նուազագոյնը 25 բաժնետէր ունին: Ներդրողները  կուսակցութեան անդամներն էին, որոնք պարբերաբար Հայաստանին կ՚օգնէին եւ կ՚ըսէին, եթէ կ՚երաշխաւորեն՝ այս տարբերակն ալ իրականացնենք: «Աշխատած ենք շատ մարդ ներգրաւել, հիմնականօրէն, սփիւռքահայեր: Ուղղակի տեղացիները ներգրաւուած են այդ գործին մէջ իբերւ երաշխիք, որպէսզի սփիւռքահայութիւնը վստահութիւն ունենայ ներդրումներ կատարելու ընթացքին: Կ՚ուզէին նախ՝ որոշակի քանակութեամբ աշխատատեղեր ստեղծել, այս շրջաններուն մէջ աշխուժացնել տնտեսական կեանքը, օրինակ ծառայել մնացած գործատէրերուն, դրամագլուխ ունեցողներուն համար», ըսաւ ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Մաթիլեան:
Պրն. Մաթիլեան կ՚ըսէ , որ ներդրողները, անշուշ, մտահոգութիւն ունէին, որովհետեւ այդ տարածքներու կարգավիճակը յստակ չէր: «Մենք վտանգի տակ  նախաձեռնեցինք աշխատանքները եւ Քաշաթաղի շրջանին մէջ առաջին ՀԵԿ-ի շինարարութեան սկսանք: «Սիւնիք-1»էն վերջ այլ ներդնողներ ընդգրկուեցան ծրագիրին մէջ, որովհետեւ տեսան, որ իբրեւ առեւտրային ծրագիր յաջողած է: Քաշաթաղի շրջանին ՀԵԿ-երու յաջողակ փորձէն վերջ այլ ներդրողներ ալ եկան եւ սկսան աշխատելու», կը պատմէ Հ. Մաթիլեան:
Ան ըսելով՝ միայն 4 ՀԷԿ կառուցելով 50 աշխատատեղ  ստեղծած էինք, կ՚ապահովէին Արցախի մէջ սպառուող ուժանիւթի 22%-ը, այսինքն՝ ՀԵԿ-երը  արտադրուած էին, Արցախը Հայաստանէն ստացածին չափ: «Մենք դարձանք Արցախի Հանրապետութեան ամենամեծ հարկատուն, Քաշաթաղի ղեկավարութեան օգնած ենք բոլոր հարցերուն մէջ: ՀԵԿ-երէն ստացուած հասոյթով Բերձոր քաղաքը լուսաւորեցինք, խաղահրապարակ կառուցուեցաւ, ստեղծեցինք «Քաշաթաղ» բարեգործական հիմնադրամը, որուն պարբերաբար նուիրատուութիւններ կատարած ենք», ըսաւ Հ. Մաթիլեան:
Բացի այդ, Քաշաթաղի մէջ 4 տարի առաջ 10 հեքթար ընկոյզի այգի  հիմնած են, որ այս տարի պէտք է բերք տար: Տնկիները արտասահմանէն  բերած են:
Ան ըսած է, որ Քարվաճառի շրջանին նոյն ուժանիւթի աղբիւրները կային, բայց չէր օգտագործուէր: Արցախի ղեկավարութեան առաջարկով հոս  փոքր վտակի մը՝ Լեւ գետի վրայ փոքր ՀԵԿ  կառուցած են, որմէ վերջ սկսան մեծ ներդրումներ կատարուիլ, մեծ ՀԵԿ-եր կառուցուեցան եւ աշխատանքները բարեյաջող կ՚ընթանային մինչեւ Արցախի գրաւումը:
Քարվաճառի Եղէգնուտ գիւղին մէջ ժամանակակից մանկապարտէզ  կառուցած են  բարերարի մը միջոցներով, որ ՀԵԿ-ի մէջ բաժնետէր էր եւ հաւաքած գումարը նուիրաբերեց մանկապարտէզին:
Քարվաճառի Աղաւնոյ գիւղին մէջ լիբանանահայ դաշնակցականներու նեդրումով կառուցուեցաւ Արիաւանը: Ժամանակակից  յարմարութիւններով 50 տուն կառուցեցին՝ իր տնամերձ հողամասով: Արիաւանի մէջ բնակելի տուները տրամադրուած են բազմազաւակ ընտանիքներուն, բանակի մէջ քսան տարիէն աւելի ծառայած սպաներուն եւ այլ բնակիչներուն: Ենթակառուցուածքները նոր պէտք է ստեղծուէին: Բերձորի միջանցքի սկզբնամասին մէջ գտնուող գիւղը պատերազմէն վերջ  զրկուած է ելեկտրականութենէն, բնական կազէն, սակայն բնակիչները չեն  լքած իրենց տուները եւ ստանձնած են գիւղի անվտանգութեան ապահովումը:
«ԱՐԻ» (Artsakh Roots Investment) ներդրումային հիմնադրամի երկրորդ մեծ ծրագիրը «Սիտնէյ» թաղամասի կառուցումն էր Քարվաճառի մէջ: «Սիտնէյ» թաղամասը կառուցուած էր հիմնականօրէն լիբանանահայերու եւ աւստրալահայերու ներդրումներով, որոնք մօտաւորապէս 500 հազար տոլար  ներդրած էին «Սիտնէյ» կառուցելու համար: Թաղամասին մէջ ենթակառուցուաքներ ստեղծելու համար  երեք հարիւր հազար տոլար ներդրած էր Արցախի կառավարութիւնը: Թաղամասը տակաւին չէր բնակեցուած, 15 առանձնատուներէն 12-ն էր պատրաստ բնակութեան:
«Թուֆենքեան» բարեգործական հիմնադրամի ներդրումները Քաշաթաղի շրջանին մէջ
«Թուֆենքեան» բարեգործական հիմնադրամը իր աշխատանքները Արցախի մէջ  սկսած է 2003 թուականէն: Ծրագիրները, հիմնականօրէն, իրականացուցած է Քաշաթաղի շրջանին մէջ, անոնք նպատակաուղղուած են  վերաբնակեցումի եւ տնտեսական զարգացման, որուն համար ներդրուած է մօտ 4 մլն ԱՄՆ տոլար: Կարեւոր համարուած է դպրոցաշինութիւնը, բնակարանաշինութիւնը, տնտեսութեան զարգացումը, օժանդակութիւնը մշակոյթին, պատմական յուշարձաններու նորոգումը եւ այլն: 2004 թ.-ին «Թուֆենքեան Հիմնադրամը»Քաշաթաղի մէջ հիմնադրած է Առաջամուղ գիւղը: Անոնք 3-4 սենեականոց առանձնատուներ են՝ կառուցուած ներկայիս պահանջներուն համապատասխան եւ կից հողամասերով: Իւրաքանչիւր տարի նախատեսուած էր կառուցել 6 տուն՝ ընդհանուր թիւը նախատեսուած էր 40-ի հասցնել:
ՀԲԸՄ-ի ներդրումները Քարվաճառի մէջ
Բերձորի տարածաշրջանի բնակիչներուն ՀԲԸՄ-ն յատկացուցած է գիւղճարտարագիտութիւն՝ 3 թրաքթոր, 2 շարքացան, սրսկիչներ եւ գիւղատնտեսական սարքաւորումներ: Այդ սարքաւորումներուն համար հիմնուած է ինքնաշարժային պարկ, կառուցուած է պահեստ: Բերձորի շրջանին հիմնուած են ձիթենիի այգիներ՝ 21,400 ձիթենիի ծառ  նուիրած վերաբնակեցուած 16 սուրիահայ եւ 15 տեղացի ընտանիքներուն:
9 Նոյեմբեր 2020-ի պատերազմը դադրեցնելու մասին եռակողմ յայտարարութենէն վերջ Ատրպէյճանի ենթակայութեան անցան նաեւ Ասկերանի շրջանէն 8 գիւղ (Աւետարանոց, Ակնաղբիւր, Արմէնակաւան, Ջրաղացներ, Մադաթաշէն, Սղնախ, Ուղտասար եւ Մոշխմհատ համայնքներ), Մարտակերտի շրջանէն 8 գիւղ (Թալիշ, Մատաղիս, Հովտաշէն, Նոր Այգեստան, Նոր Կարմիրաւան, Նոր Հակաջուր, Նոր Մարաղա, Նոր Սեյսուլան) եւ Մարտունիի շրջանէն  7 գիւղ (Ջիւանի, Շեխեր, Զարդանաշէն, Վազգէնաշէն, Սարգսաշէն, Թաղավարդ, Ներքին Ճարտար քաղաքը):
Մարտակերտի շրջանի համայնքներուն մէջ
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը «Թալիշի Վերածնունդ» ծրագիրով գիւղին մէջ իրականացուցած է լայնածաւալ շինաշխատանքներ: Մասնաւորապէս, կառուցուած է կենցաղի տուն, վերակառուցուած է 18 բնակելի տուն, համայնքային կեդրոնը, բուժկէտը, ակումբը, հանդիսութիւններու սրահը, կառուցուած է 4,5 քմ երկարութեամբ խմելու ջուրի ցանցը, կոյուղին: