Կը քալեմ Հալասքարկազի պողոտային վրայ։ Մառախլամած օդը ցուրտ է եւ ծանր ու հետզհետէ կը ճնշէ։ Կը կարօտնաս այն պայծառ օդը, երբ ազատօրէն կը քալէիր ու կը շնչէիր։ Կ՚անդրադառնաս, որ երբ հոն էր մաքուր օդը, երբ արգելք մը չկար զայն շնչելու, անոր էականութիւնը չէիր զգացած երբեք։ Իսկ հիմա՞…
Յան­կարծ դէմս կ՚ել­լէ այդ սեւ քա­րը։ Քար մը, որ միշտ հոն կե­ցած՝ կը յի­շեց­նէ բո­լորս, որ ար­դա­րու­թիւնը մի՛շտ վտան- գ­ուած էր այդ մայ­թին վրայ, այդ փո­ղոց­նե­րուն, քա­ղաք­նե­րուն, լեռ­նե­րուն ու ձո­րե­րուն մէջ։ Այդ սեւ քա­րին տակ՝ տա­կաւ առ տա­կաւ դէ­պի երկ­րի ըն­դեր­քը կ՚եր­թար ոտ­նա­հար­ուե­լով։ Ար­դա­րու­թիւնը կռ­նա­կէն հար­ուա­ծող այդ նենգ փամփուշտը, անոր փուճ յոյսերն ալ հարուածելով տապալեց զայն։ Հոն 2007 թուականին անշնչացաւ արդարութիւնը եւ առ այսօր չկենդանացաւ։
Այդ սեւ քարին քով կը կենամ հիմա։ Բարձրաձայն կը կարդամ. «Հրանդ Տինք այստեղ սպանուեցաւ՝ 19 Յունուար 2007-ի, ժամը՝ 15։05-ին»։ Պատանեկութեանս բամպակէ պատերը քանդող այդ քառակուսի սեւ քարը միշտ հոն է՝ ամէն օր եւ ամէն ժամ։ Անշնչացած արդարութիւնը միշտ հոն է՝ ամէն օր եւ ամէն ժամ։ Մենք, մեր Աղբարիկին քով կեցած, արցունքոտ աչքերով հոն ենք՝ ամէն օր եւ ամէն ժամ։ Սակայն արդեօք հո՞ն էինք, երբ պայծառ էր անոր դէմքը։ Իսկ ազատօրէն քալա՞ծ էր երբեք, հանգիստ կը շնչէ՞ր, երբ կը մտածէր իր սերունդներուն ապագային մասին։ Իսկ յետոյ ի՞նչ պատահեցաւ։
Պայքարեցանք, Աղբարի՛կ։ Պայքարեցանք եւ դեռ կը պայքարինք։ Ամբողջ կեանքիդ ընթացքին, այդ հողերուն վրայ վիրաւոր արդարութիւնը բուժելու համար պայքարեցար։ Կը փափաքէինք այլեւս մարդկային արդարութեան ճակատը պսակել համբոյրով։ Իսկ անարդարութիւնը եկաւ ու կռնակէդ զարկաւ։ Մեր յոյսը ինկաւ գետին։ Մենք քեզի հետ ինկանք այդ մայթին եւ դեռ չկրցանք ոտքի ելլել։
Մեր վիրաւոր մարմինները մինչեւ այսօր հարուած կը ստանան, Հրա՛նդ Աղբարիկ։ Եթէ երկինքէն կը դիտես մեզ, վստահ եմ դուն ալ հանգիստ չես։ Բոլոր հարուածները մի՛շտ մեր կռնակէն են։ Եկո՛ւր, ցոյց տուր բոլորիս, ինչպէ՞ս պիտի շարունակենք մեզի ժառանգ մնացած քու գործը։ Ինչպէ՞ս պիտի ապրեցնենք քու գաղափարներդ։ Մինակ մի՛ ձգեր մեզ…
Յանկարծ գլուխս երկինք կը դարձնեմ ու գիշերուան խաւար կապոյտը զիս կը դիմաւորէ։ Փայլուն աստղ մը աչք կը թարթէ ինծի։ «Բարե՛ւ, Աղբարիկ» կ՚ըսեմ, «մի՛ մտահոգուի՛ր, դեռ հոս ենք…»։
 Սարին Ագպաշ