Ուրախութեամբ կը յայտնենք Քեսապի եւ շրջակայից մեր ժողովուրդի զաւակներուն, թէ Երեքշաբթի 26 Յունուար 2021-ի երեկոյեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան կը ժամանէ Քեսապ: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կþընկերակցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ նշանակուեցաւ Քեսապի եւ շրջակայից հոգեւոր տեսուչ, ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր խնդրանքին:
Հայր Սուրբին ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի 27 Յունուար 2021-ին, առաւօտեան ժամը 11։00-էն մինչեւ 1։00, «Սահակեան» սրահէն ներս։
Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան ծնած է 1996-ին, Պէյրութ (Լիբանան): Աբեղայ ձեռնադրուած է 2018-ին: Մինչեւ քեսապահայութեան հոգեւոր տեսուչ նշանակուիլը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանէն ներս ան կը վարէր Մատենադարանապետի եւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան տեսուչի օգնականի պաշտօնը: Ան նաեւ կը դասաւանդէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն ներս: