Երեքշաբթի 26 Յունուար 2021-ի երեկոյեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան ժամանեց Քեսապ: Սրբազան Հօր կþընկերակցէին Քեսապի եւ շրջակայից նորանշանակ հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան եւ Ազգային Վարչութեան անդամ Մեթր Պայքար Թովմասեան:
Սր­բա­զան Հայրն ու իրեն ըն­կե­րակ­ցող պատ­ուի­րա­կու­թիւնը ջեր­մա­պէս դի­մա­ւոր­ուե­ցան Քե­սա­պի Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ Թա­ղա­կան Խոր­հուր­դին, Դպ­րաց Դա­սին, ազ­գա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ  ՀՄԸՄ-ական տա­րա­զա­ւոր սկաուտ­նե­րուն կող­մէ:
Դպ­րաց դա­սը «Ու­րախ Լեր» շա­րա­կա­նի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ Սըր­բա­զան Հայրն ու նո­րան­շա­նակ հո­գե­ւոր տե­սու­չը առաջ­նոր­դե­ցին դէ­պի սուրբ խո­րան:
Սրբազան Հայրը փառք եւ գոհութիւն վերառաքելով Աստուծոյ, իր ուրախութիւնը յայտնեց դարձեալ Քեսապի մէջ գտնուելու առիթով եւ բարի գալուստ մաղթեց Հայր Սուրբին: Մասիս եպիսկոպոս իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որ ընդառաջելով իր խնդրանքին, Քեսապի եւ շրջակայից հոգեւոր տեսուչ նշանակեց Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանը:
Սրբազան Հայրը ներկայացնելով հոգեշնորհ Հայր Սուրբը, յաջողութիւն մաղթեց իր ծառայողական առաքելութեան մէջ:
Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան խօսք առնելով իր ուրախութիւնն ու խանդավառութիւնը արտայայտեց, փորձառական առաջին դաշտը Քեսապի մէջ սկսելուն առիթով եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց աստուածահաճոյ ծառայութեամբ եւ հաւաքական աշխատանքով սատար հանդիսանալու Քեսապի եկեղեցական-ազգային կեանքի վերելքին:
Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի ատենապետ տիար Աբրահամ Կարճիկեան բարի գալուստի խօսք ուղղելով Հայր Սուրբին, եկեղեցանուէր ծաղկուն գործունէութիւն մաղթեց անոր:
Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցան եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին հետ: Հանդիպումին քննարկուեցան եկեղեցւոյ դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ ներկայիս տիրող պայմանները: Սրբազան Հայրը գնահատեց Թաղականութեան տարած աշխատանքը եւ մաղթեց, որ գործակցութեան ոգիով եւ նուիրուածութեամբ շարունակեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը:
Չորեքշաբթի 27 Յունուար 2021-ին, առաւօտեան ժամը 11։00-էն մինչեւ 1։00, «Սահակեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայր Սուրբին ընդունելութիւնը:
Յիշենք, որ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը նախքան Քեսապ ժամանելը այցելեցին Լաթաքիա եւ խորհրդակցական հանդիպում ունեցան Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին հետ, ներկայութեամբ՝ Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեանի: