Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակ, Արցախի հարցին հետագայ ճակատագիր, տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական զարգացումներ. օրակարգային այս հարցերը 29 Յունուարին Վազգէն Մանուկեան քննարկած է խումբ մը քաղաքագէտներու եւ փորձագէտներու հետ: Քննարկուած է պատերազմէն վերջ Հայաստանի մէջ ստեղծուած ներքաղաքական ճգնաժամը, որուն հանգուցալուծման մասին մասնագէտները տարբեր տեսակէտներ արծարծած են: Ըստ որոշ տեսակէտներու, քաղաքական դաշտի ռազմավարութիւնն ու գործողութիւնները պէտք է մշակուին հասարակութեան ընկերային լուրջ հետազօտութիւններու եւ վերլուծութիւններու հիման վրայ: Անդրադարձած են, որ ընկերային ցանցերը յաճախ կը կառավարուին եւ իրականութեան ոչ հաւաստի պատկեր կը ստեղծեն: Միտքեր փոխանակուած են Հայաստանի մէջ 2018 թուին իշխանափոխութեան եւ անոր յաջորդած իրադարձութիւններու խորքային պատճառներուն, իշխանութեան, պետական համակարգի, ընդդիմութեան, քաղաքական կուսակցութիւններու հարցերուն եւ այդ համակարգերը կայացնելու անհրաժեշտութեան մասին: Կարեւոր համարուած է Հայաստանի մէջ ազգային օրակարգի ձեւաւորումը, ազգային ինքնութեան հարցերը առաջնային դարձնելը եւ անոնց շուրջ հասարակութիւնը համախմբելու անհրաժեշտութիւնը: Անդրադառնալով Արցախեան հիմնահարցին, ներկաները կարեւոր համարած են հարցի մասին Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումը եւ քայլերու յստակեցումն ու աշխուժացումը` մտահոգութիւն յայտնելով վերջին շրջանին հիմնահարցը երկրորդ կարգի մղելու միտումներուն: Քննարկուած է տարածաշրջանի մէջ Թուրքիոյ աշխուժացման լոյսին տակ Հայաստանի կողմէն անհրաժեշտ քայլեր եւ ռազմավարութիւն մշակելու անհրաժեշտութիւնը, ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւններու յստակ օրակարգ ձեւաւորելու հարցը, Ռուսիոյ եւ բնական այլ դաշնակիցներու հետ գործակցութեան հեռանկարները: Կարեւոր նկատուած է աշխարհաքաղաքական զարգացումներով համահունչ արտաքին քաղաքականութիւն իրականացնելու եւ տարածաշրջանային մատչելի վերադասաւորումներու պարագային շահեկան վիճակի ունենալու հարցը, որ կենսական նշանակութիւն ունի Հայաստանին համար եւ կարելի է լուծել միայն, երբ պետութեան մէջ տիրող առկայ ճգնաժամն ու հարցերը յաղթահարուին:

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում