«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ` Հայաստանի սահմանակից Աղրըի նահանգային իշխանութիւնները 2015 թուականին յայտարարած էին, որ նահանգի տարածքին «Քրտական Բանուորական Կուսակցութեան» դէմ իրականացուող զինուորական գործողութիւններուն պատճառով Արարատ (թրքերէն` Աղրը) լեռը կը ստանայ «յատուկ անվտանգութեան» գօտիի կարգավիճակ: Այդ կարգավիճակէն մեկնելով լեռնագնացներուն Արարատ բարձրանալը պաշտօնապէս արգիլուած էր: Հակառակ արգելքին, վերջին 6 տարուան ընթացքին զարտուղի, ոչ օրինական ճամբաներով, յաճախ տեղաբնակ քիւրտերու օգնութեամբ բազմաթիւ լեռնագնացներ մագլցած են պիպլիական լերան գագաթը: Փետրուարի սկիզբէն պաշտօնապէս արգելքը պիտի վերանայ եւ տարբեր երկիրներէն եկած լեռնագնացները պիտի կարենան օրինական ճամբով բարձրանալու թոյլտուութիւն ստանալ: