«Արմէնփրէս».- Մարտական գործողութիւններու վայրերուն մէջ կատարուած որոնողական աշխատանքներուն հետեւանքով 15 զինուորական ծառայողի աճիւն եւս յայտնաբերուած եւ վերադարձուած է: Արցախի Ներքին Գործոց Նախարարութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի պետ Յունան Թադեւոսեան յայտնած է. «Ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին զոհուած 1 զինուորական ծառայողի աճիւն յայտնաբերուած է Մարտունիի շրջանէն, 13-ը` Ջրականի (Ճապրայիլ) ուղղութենէն: Մէկ զինուորական ծառայողի աճիւն Եղնիկներէն (Արեգա սար) հայկական կողմին փոխանցած է ատրպէյճանական կողմը: Աճիւններու ինքնութիւնը պարզելու նպատակով նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն: 29 Յունուարի տուեալներուն համաձայն որոնողական աշխատանքներու հետեւանքով յայտնաբերուած է ընդհանուր առմամբ 1344 աճիւն: Այսօր փրկարարական ջոկատները կ’աշխատին Հադրութի շրջանին եւ ՀՀ Սիւնիքի մարզի յարակից տարածքին»: Ան աւելցուց, որ որոնողական աշխատանքներուն մասնակցած են նաեւ զոհուած կամ անհետ կորսած զինուորական ծառայողներուն հարազատները, ռազմագործողութիւններուն մասնակցած եւ տեղւոյն ծանօթ ուղեկցող-կամաւորներ: