ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Հալէպի ճատրակի տղոց ախոյեանական մրցումներուն ՀՄԸՄ-ի մարզիկները յաջողեցան արձանագրել տպաւորիչ արդիւնքներ: Հալէպի մակարդակով (14 եւ 10) տարեկան խմբաւորումներուն մէջ ՀՄԸՄ գրաւեց առաջին դիրքը, իսկ (12) տարեկանի խմբաւորման՝ երկրորդը։
Յաղթանակ արձանագրողներն են՝
Յակոբ Խաչատուրեան- Առաջին դիրք (14 տարեկան)
Արսէն Գինեան- Առաջին Դիրք (10 տարեկան)
Անդրանիկ Գույումճեան- Երկրորդ դիրք (12 տարեկան)
Ճատրակի աղջկանց ախոյեանական մրցաշարքին, ՀՄԸՄ-ական քոյրերը դարձեալ արձանագրեցին պատուաբեր արդիւնքներ:
Սինթիա Մախուլ- Առաջին դիրք (14 տարեկան)
Բարտի Գինեան- Երկրորդ դիրք (14 տարեկան)
Նարօտ Սաղպազարեան- Առաջին դիրք (12 տարեկան)
Ալիսիա Գասապեան- Երկրորդ դիրք (12 տարեկան)
Նանար Գասապեան- Երրորդ դիրք (10 տարեկան)
Գոհարիկ Կեւրէկեան- Երկրորդ դիրք (20 տարեկան)
– Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան երթի փուլի աւարտին, Լաթաքիոյ Թըշրին խումբը յաջողեցաւ ձեռք ձգել աղիւսակին առաջնութիւնը, 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք վերջին շաբաթներու ախոյեան Քարամէն: Հալէպի Իթթիհատը բարձրացաւ երկու աստիճան եւ գրաւեց 8-րդ դիրքը՝ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Հուրճուլան:
– Դամասկոսի Ուահտէի աղջկանց պատանեկան խումբը տիրացաւ Սուրիոյ հանրապետական բաժակին՝ աւարտական մրցումին պարտութեան մատնելով Հուրիէն 81-71 արդիւնքով: Հալէպի Ճալաա խումբը գրաւեց երրորդ դիրքը:
– Սուրիոյ ֆութպոլի դաշնութիւնը յայտարարեց, որ ֆութպոլի ախոյեանական մրցումներու արտասփռումի եւ ծանուցման արտադրումի իրաւունքը ստացած է ՍԱՐԱՅ հաստատութիւնը փոխան 595 միլիոն ս.ո.-ի: Պայմանագրութեան տեւողութիւնն է երեք տարի:
– Սուրիոյ ֆութպոլի դաշնութեան կարգապահական յանձնախումբը մինչեւ տարեշրջանի աւարտը պատժեց Լաթաքիոյ Հըթթին խումբի մարզիչ Հուսէյն Աֆաշը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
-ԶԻՏԱՆ ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐՈՎ ՎԱՐԱԿՈՒԵՑԱՒ
Սպանիոյ մայրաքաղաքի Ռէալ Մատրիտի ակումբը իր պաշտօնական էջին մէջ յիշեց, որ խումբի գլխաւոր մարզիչ Զէնէտտին Զիտան վարակուած է պսակաձեւ ժահրով: Ըստ տեղեկութիւններու, ֆրանսացի մասնագէտը բժշկական քննութիւններու ենթար- կուած է եւ պարզուած որ արդիւնքը դրական է, որուն հետեւանքով ան պիտի բացակայի խումբի փորձերէն եւ մրցումներէն:
Զիտանի բացակայութեան շըրջանին, խումբի մարզիչութեան պաշտօնը պիտի ստանձնէ իր օգնականը՝ Տէյվիտ Պիթոնին: Աւելցնենք, որ խումբը 40 կէտով կը գրաւէ աղիւսակին երկրորդ դիրքը:
-ՌԱՅԱՆ ՄԻԱՑԱՒ ԱՆԳԼԻՈՅ ԱՐՍԵՆԱԼԻՆ
Անգլիոյ Արսենալ ակումբը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ մէկ տարուան վարձքով խումբին միացած է Պրայթըն խումբի բերդապահ Մաթ Ռայանը: Ըստ ակումբին արձանագրած տեղեկութիւններուն, 28 տարեկան բերդապահը Պրայթըն խումբին միացած է 2017-ին, եւ անոր հետ մասնակցութիւն բերած է 124 մրցումներու: Արսենալի մարզիչ Միքէլ Արթիթան ըսաւ, որ Ռայան մեծ դեր պիտի ունենայ խումբի յառաջընթացին մէջ, որովհետեւ ներկայիս ան Անգլիոյ լաւագոյն դարպասապահներէն մէկն է:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ
ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ