ԿԱԼՈՒԱԾԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒՄՆԵՐ
ԱՆՇԱՐԺ ԳՈՅՔԷՆ ՕԳՏՈՒԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ
Սուրիական օրէնքին համաձայն՝ անշարժ գոյքերէն օգտուելու կամ արդիւնակալութեան իրաւունք ունեցողին իրաւասութիւնը սահմանափակուած է միայն տուեալ կալուածէն օգտուելով եւ ոչ այդ կալուածին գծով վերաբերմունք դրսեւորելով, այլ խօսքով՝ ան կրնայ անձնապէս օգտագործել կալուածը կամ վարձու տալ, սակայն չի կրնար վաճառել զանիկա։
Օգտուելու իրաւունքը կ՚իյնայ օգտագործողին մահով, այսինքն՝ օգտագործման իրաւունքը չի ժառանգուիր, այլ երբ օգտագործողը մահանայ կալուածի օգտագործման իրաւունքը կը վերադառնայ կալուածատիրոջ։
Այս միջոցին ընդհանրապէս կը դիմեն ծնողները, որոնք կալուածը կ՚արձանագրեն իրենց զաւակներուն անունով, սակայն անոր օգտագործման իրաւունքը ցմահ կը վերապահեն իրենց։
Ի՞նչ է սեփականագիրը կամ ինչպէ՞ս աւանդաբար ընդհանրացած է օգտագործել ի՞նչ է «կանաչ թափու»ն։
Սեփականագիրը պաշտօնական սեփականաթուղթ է, որ կը փաստէ անձի մը կալուածի մը վրայ ունեցած սեփականութեան իրաւունքը։
Սեփականագիր յանձնելու իրաւունքը վերապահուած է կալուածային տոմարի բաժանմունքին։
Կալուածատէրը իրաւունք ունի միայն մէկ կալուածագիր ստանալու, իսկ անիկա կորսուելու կամ փորձանքի ենթարկուելու պարագային, հարկաւոր է վերստանալու համար կրկին դիմում կատարել համապատասխան կալուածային բաժանմունքին։
Ի՞նչ կը բովանդակէ կալուածագիրը։
Կը բովանդակէ կալուածին թիւը, կալուածային բաժանմունքին թիւը, կալուածի նկարագրութիւնը, օրինական տեսակը, սեփականատիրոջ անունը, կալուածին մէջ անոր ունեցած բաժնետոմսերու քանակը եւ բոլոր դատական թէ այլ նշանները, որոնք տեղադրուած են կալուածին վրայ։
Սակայն ուշադիր պէտք է ըլլալ սեփականագիրի թուականին, որովհետեւ շատ անգամ սեփականագիրը ստանալէ ետք կալուածին վրայ դատական կամ այլ նշաններ կը տեղադրուին, որոնք չեն արձանագրուիր սեփականագիրին վրայ։ Հետեւաբար կալուած մը գնելու պարագային հարկաւոր է չվստահիլ սեփականագիրի տուեալներուն, այլեւ դիմել կալուածային համապատասխան բաժանմունքին եւ ստանալ օրուան թուականով պահանջուած կալուածին կալուածային յայտը։
Ստորեւ կը պատասխանենք ընթերցողներու հարցումներուն.
ա.-Լ.Ս.-ը կը հարցնէ, որ ամուսնալուծման պարագային անչափահասներու խնամատարութիւնը ե՞րբ կը վերջանայ։
Պատասխան.-Սուրիական օրէնքին համաձայն, անչափահասներու խնամատարութիւնը կ՚աւարտի երբ խնամատարուածը տասնհինգ տարիքը ամբողջացնէ (տղայ կամ աղջիկ)։ Տասնհինգ տարեկանէն ետք անոր կը տրուի ընտրութեան իրաւունք։
բ.- Գ.Յ.-ը կը հարցնէ, որ կալուածի մը մէջ քանի՞ բաժնետոմս պէտք է ունենայ, որպէսզի սեփականութեան ընդհանրութիւնը վերացնելու դատ յարուցանէ։
Պատասխան.-Ընդհանրութիւնը վերացնելու դատ յարուցանելու իրաւունք ունի ամենափոքր բաժնետոմսն ունեցողն անգամ։
Փաստաբան  Մարիա Գաբրիէլեան