Կիրակի, 31 Յունուար 2021-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը սկսած է նուազիլ, ըստ PCR-ի քննութեան արդիւնքներուն։ Նախարարութիւնը յայտնեց, որ վարակուածներու թիւին նուազումը չի նշանակեր որ անգամ մը եւս բարձրանալու հաւանականութիւն չկայ։ Այս առիթով Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութեան Արտակարգ Բաժինի տնօրէն տոքթ. Թաուֆիք Հիսապա կոչ ուղղեց ժողովուրդին պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշացման միջոցները յարգելու, առաւելաբար քթակապ օգտագործելով եւ հանրային վայրերուն մէջ խճողում չստեղծելով, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխել պսակաձեւ ժահրի համաճարակին տարածումը։