Երկուշաբթի, 1 Փետրուար 2021-ին, սուրիական «B2B-sy» տնտեսական կայքը հաղորդեց, որ Դամասկոսի դրամատուներու պաշտօնեաներու արհմիութեան կատարած զեկոյցին համաձայն, Սուրիոյ պատերազմի տարիներու սկիզբէն մինչեւ օրս սուրիական տնտեսութեան վնասները հասան 530 միլիառ տոլարի, այն ինչ որ հաւասար է 2010-ին Սուրիոյ տեղական արտադրութեան ընդհանուր շահերուն 9, 7 անգամին։ Զեկոյցին մէջ յիշուած է, որ ենթակառոյցներու վնասը հասած է 40%-ի, ընդգրկելով բնակարաններ, ելեկտարանութեան կայաններ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ եւ այլ հանրային հաստատութիւններ։ Շօշափելի տարբերութեամբ նուազած է նաեւ քարիւղի արտադրութիւնը։ 2010-ին օրական 400. 000 տակար հում քարիւղ կ՚արտադրուէր, իսկ ներկայիս օրական 30. 000 տակարէն պակաս կ՚արտադրուի։ Զեկոյցը յիշեց, որ Սուրիոյ ժողովուրդին 5, 6 միլիոնը գաղթական դարձած է, 6, 4 միլիոնը տեղահանուած, 6, 5 միլիոնը սննդազուրկ դարձած, 11, 7 միլիոնը մարդկային օժանդակութիւններու կարիք ունի, կան նաեւ շուրջ 3 միլիոն անուս երեխաներ։