«Երկիր».-Մոսկուայի մէջ 31 Յունուարին տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի, Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օւերչուքի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի հանդիպումը:
Եռակողմ աշխատանքային խումբի մասնակիցները որոշած են ստեղծել փորձագիտական ենթախումբեր` երկաթուղային, ինքնաշարժ կարգի եւ համակցուած փոխադրումներու հարցերու եւ փոխադրումներու ապահովումին, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան, սահմանային, մաքսային, առողջապահական, անասնաբուժական, բուսաառողջապահական եւ այլ ձեւի հսկողութեան հարցերու:
Ենթախումբերու ձեւաւորումը աւարտել նախատեսուած է մինչեւ 2 Փետրուար, իսկ առաջին նիստը կատարել մինչեւ 5 Փետրուար: Որոշուած է նաեւ Մոսկուայի մէջ եռակողմ աշխատանքային խումբի հերթական հանդիպումը կատարել: Ամսաթիւը աշխատանքային կարգով համանախագահներու կողմէն պիտի ճշդուի: