«Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութեան մասնագէտները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ականազերծման աշխատանքներ կատարած են աւելի քան 123 հեքթար տարածքի վրայ` յայտնաբերելով մօտաւորապէս 15,5 հազար պայթիւնավտանգ առարկայ:
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ «Առաջնորդ» կեդրոնի ականազերծող խումբը ներկայիս աշխատանքները կը շարունակէ Մարտունի շրջանին մէջ(աւելի ուշ` Ասկերան):Այս տարածքներուն մէջ հետազօտուած է աւելի քան 110 հազար տարածք, ուր յայտնաբերուած է մօտաւորապէս 15 հազար զինամթերք: Յայտնաբերուած է աւելի քան 6,8 հազար հրետանային արկ եւ 3,4 հազար տարբեր տրամաչափի փամփուշտներ, ինչպէս նաեւ` աւելի քան 730 ականանետային արկ ու աւելի քան 1100 նռնակ:
29 Յունուարին ականազերծողները յայտնաբերած են 115 պայթիւնավտանգ առարկայ, որոնց մասին տեղեկատուութիւն առնուած է տեղւոյն բնակչութենէն», յայտնած են ՌԴ Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութենէն` դիտել տալով, որ տեղւոյն բնակիչները գերատեսչութեան աշխատակիցներուն աջակցութիւն ցուցաբերած են ` տեղեկատուութիւն հաղորդելով պայթիւնավտանգ առարկաներու գտնուելու կարելի վայրերուն մասին: