«Արմէնփրէս».- Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմատ Ճաւատ Զարիֆը այցելած է Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն:
Զարիֆը Նախիջեւանի մէջ գտնուած է տարբեր բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ տարբեր հարցերու մասին բանակցութիւններ վարելու համար:
Հոն ժամանելուն պէս Զարիֆ ըսած է, որ տարածաշրջանի հինգ երկիրներ` Հայաստան, Ռուսիա, Վրաստան, Ատրպէյճան, Թուրքիա կատարած իր այցելութիւններու աւարտին այցելած է Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն` քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմէն վերջ տարածաշրջանի տարանցման կարելիութիւնները եւ գործակցութեան պայմանները: