«Արցախփրէս».- 7 Փետրուարին Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածամօր եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի թեմակալ առաջնորդի առաջին պատարագը: Իսկ այս ընթացքին շարք մը կարեւոր քայլեր արդէն ձեռնարկուած են․

Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց մայր տաճարին եւ Արցախի միւս` հայկական կողմի վերահսկողութենէն դուրս մնացած վանական համալիրներուն մէջ ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեամբ հոգեւոր առաքելութեամբ բանակցութիւն կը կատարուին, նոյնիսկ բարձրաստիճան քննարկումներ  եղած են: Արցախի թեմի նորանշանակ առաջնորդը լիայոյս է, որ դրական արձագանգները պիտի չուշանան:

Նամակներ  ուղղուած են նաեւ Արցախի մէջ հասատատուած ռուսական խաղաղապահ զօրքերու հրամանատար Ռուստամ Մուրադովին` հայկական կողմի վերահսկողութենէն դուրս մնացած տարածքներուն հոգեւոր արժէքներու դուրս բերման համար: Յռաջիկայ օրերուն կ’ակնկալուի պատասխանը:

Արցախի թեմը պատերազմի այս ելքին պատճառով սեղմուած է, փոքրացած է, սակայն առաքելութիւնը մեծ է, հիմա` աւելի մեծ, ըսած է Տէր Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան, որ նախապէս Հայաստանի զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդն էր: